Պոլսոյ «Քուլելի» զինուորական վարժարանին մէջ յատուկ թանագարան մը հիմնելու առաջարկ եղած է: Այս մասին գրած է թրքատար «Տեմոքրաթհապեր» լրատու կայքի լրագրող Հրանդ Գասպարեան: Ան այս մասին երկար նիւթ մըն ալ հրապարակած է մեկնելով «Քուլելի» զինուորական վարժարանը փակելու որոշումէն եւ պատմելով, որ այս դպրոցը շրջան մը ծառայած է իբրեւ Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած հայ մանուկներու որբանոց, եւ կ՛առաջարկէ, որ անիկա դառնայ յիշողութեան թանգարան մը։
Գասպարեան իր յօդուածին մէջ կը գրէ, թէ շատեր Պոլսոյ սահմաններէն ներս գտնուող «Քուլելի» զինուորական վարժարանի անցեալին մասին գրեթէ ոչինչ գիտեն ու կը զարմանան, երբ կը լսեն, թէ այս շէնքը 1915էն ետք, կամայ-ակամայ, դարձած է նաեւ որբանոց մը, ուր հիւրըկալուած են Մեծ Եղեռնէն որբացած հազարաւոր հայ մանուկներ։
Վարժարանի շէնքը սուլթան Ապտիւլազիզի հրահանգով կառուցուած էր արքունի ճարտարապետ Կարապետ Պալեանի կողմէ։ «Քուլելի» զինուորական վարժարանը կը գրաւէ ծովեզերեան շքեղ վայր մը՝ շրջապատուած հարուստ ապարանքներով։
Պոլսահայ լրագրողըկը յիշեցնէ, որ 15 Յուլիսի պետական հարուածին փորձէն ետք փակուած են զինուորական շարք մը վարժարաններ, եւ ո՛չ ոք գիտէ, թէ ինչպէ՛ս պիտի օգտագործուին փակուած վարժարաններու շէնքերը։
Խօսելով շէնքի անցեալի մանրամասնութիւններուն մասին՝ Հրանդ Գասպարեան կը յիշեցնէ, թէ Համաշխարհային Ա. պատերազմի աւարտին, անգլիացիներուն առաջարկով «Քուլելի» զինուորական վարժարանը պարպուած է ու յատկացուած հայ որբ մանուկներուն։ Բազմաթիւ հայեր, որոնք այլեւս «այս երկրէն բաժնուելու ստիպողութեան տակ մնացած էին», մինչեւ իրենց գործը աւարտելը հիւպատոսարաններու հետ՝ կը մնային այս վարժարանի միջանցքներուն մէջ։
Այս մասին հարուստ տեղեկութիւն կայ նաեւ Հայաստանի Ցեղասպանութեան թանգարանի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանի կողմէ գրի առնուած՝ «Օսմանեան Շրջանի Հայ Մարմնամարզանքն Ու Մարզախաղերը» խորագրեալ գիրքին մէջ։ Հոն կը պատմուի, որ Մեծ Եղեռնէն ետք, Օսմանեան կայսրութեան սահմաններէն ներս աւելի քան հարիւր որբանոց բացուած էր։ Գաւառէն եկող որբուկներ, հայկական հաստատութիւններու ձեռամբ տեղաւորուած են այդ որբանոցներուն մէջ, որոնք հաստատուած են Պէյլէրպէյի, Ետիգուլէի, Առնավուտգիւղի, Խասգիւղի, «Գարակէօզեան»ի, «Արամեան»ի, «Պէզազեան»ի կամ «Մխիթարեան»ի մէջ։ Յաջորդող տարիներուն ընթացքին որոշուած է, որ բոլորը մէկտեղուին ու դրուին «Քուլելի» զինուորական վարժարանին մէջ։ Այդ շրջանին, «Քուլելի»ի մէջ տեղաւորուած որբերուն թիւը հասած էր նուազագոյնը 1500ի։
Հրանդ Գասպարեան իր յօդուածին վերջաւորութեան կ՛առաջարկէ, որ լաւապէս մտածուի այս շէնքին մասին։ «Մենք ալ մաս պիտի կազմե՞նք այն զանգուածներուն, որոնք գիտնալ պիտի չուզեն, թէ ինչե՜ր պատահած էին «Քուլելի»ի անցեալին մէջ, ինչպէս որ գիտնալ չեն ուզեր, թէ ինչե՜ր պատահած էին Հայտարփաշայի շոգեկառքի կայանին մէջ, ուր հաւաքուած էին Ապրիլ 24, 1915ին Պոլսոյ մէջ ձերբակալուած ու դէպի մահ ղրկուած հայ մտաւորականները», կը գրէ ան։
Աւարտին, Գասպարեան գիտնալով հանդերձ, թէ բան մը պիտի չփոխուի, կ՛առաջարկէ, որ զինուորական վարժարանի շէնքին գոնէ մէկ մասը պահուի ու վերածուի յիշողութեան թանգարանի մը։
Նիւթի աղբիւր ՝ «Տէմոքրաթհապէր»