«Ազրպէյճան հերթական անգամ հանդէս կու գայ սադրանքներով եւ կը շարունակէ մերժել ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խումբի համանախագահներուն կողմէ կատարուած ցանկացած առաջարկ» «Արեւելք»ին ըսաւ ԼՂՀ ԱԳ նախարար Կարէն Միրզոյեան: Ըստ Միրզոյեանի Ազրպէյճանի որդեգրած քաղաքականութիւնը ապակառուցողական է եւ այդ մէկը կը նպաստէ, որ խնդրին շուրջ առկայ բանակցային գործընթացները որոշ դատարկութեան մէջ յայտնուին: Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարը այս առումով կարեւոր համարած է Ղարաբաղը, որպէս հակամարտութեան լիարժէք կողմ բանակցային գործընթացին մասնակցութիւնը: Պատասխանելով մեր հարցումին այն մասին, թէ ինչքանով լուրջ են այն խօսակցութիւնները որ ISIS-ի վտանգը կը սպառնայ, ոչ միայն մերձաւոր արեւելեան երկիրներուն այլ նաեւ Կովկասին ու յատկապէս Հայաստանին ու Ղարաբաղին նախարար Միրզոյեան նշած է, որ « այսօրուան պայմաններուն մէջ ոչ մէկ կողմ կամ երկիր զերծ է ISIS-ի վտանգներէն: Այդ վտանգներէն զերծ չեն նաեւ Հայաստանն ու Ղարաբաղը» ըսած է նախարարը նկատել տալով, որ «յատկապէս Հարաւային Կովկասի երկիրները պէտք է ստեղծեն ապահովական ամուր փոխգործակցութիւն ծաւալով յատուկ մարմին մը ISIS-ի կամ այլ ահաբեկչական խմբաւորումներու վտանգներէն զերծ մնալու համար»: Այստեղ եւս նախարարը մտահոգութիւն յայտնած է, որ Ազրպէյճանի դրսեւորած ապակառուցողական մօտեցումները կը խափանեն նման մարմնի մը ստեղծումը: «Շրջանին մէջ ընդհանուր անվտանգութեան բարձրացումը կը նպաստէ, որ Հարաւային Կովկասի երկիրները զերծ մնան ահաբեկչական խմբաւորումներու վտանգներէն» ըսած է նախարարը յիշեցնելով որ , «ժամամանակից աշխարհին մէջ ոչ մէկ երկիր կրնայ մեկուսացած ապրիլ եւ երկիրներու միջեւ փոխգործակցութիւնը կրնայ լաւագոյնս ամրացնել երկիրներու անվտանգութիւնը եւ անոնցմէ հեռու պահել ահաբեկչութեան վտանգը, որ այսօր դարձած է համընդհանուր»: