Առողջական վիճակի սրացումէն շուրջ մէկ ամիս անց Քաղաքաշինութեան կոմիտէի նախկին նախագահ Վահագն Վէրմիշեան տեղափոխուած է Էրեբունի Բժշկական կեդրոն: Այս մասին դիմատետրեան իր էջին գրած է Վէրմիշեանի պաշտպան Ալեքսանտր Քոչուպաեւը։
Ան նշած է, որ մանրամասները պիտի հաղորդէ հետազօտութիւններէն ետք:
Յիշեցնենք, որ Վահագն Վէրմիշեանի ինքնազգացողութիւնը վատացած էր դատական նիստերու դահլիճին մէջ: Դէպքը տեղի ունեցած էր նիստի մեկնարկէն կարճ ժամանակ անց: Վէրմիշեանը դատավարութեան կողմերուն կոչ ըրած էր մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգել արտադրող Արմէն Գրիգորեանի յիշատակը, որ տասն օր առաջ, յիշեցնենք, յանկարծամահ եղած էր նոյն դահլիճին մէջ՝ Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի Կեդրոն նստավայրին մէջ: Նիստը նախագահող դատաւոր Մնացական Մարտիրոսեանն այդ քայլը համարած էր դատարանի նկատմամբ անարգալից վերաբերմունք, որոշած էր դատական պատիժ կիրառել Վէրմիշեանի նկատմամբ եւ նիստերու դահլիճէն տասը ժամով անոր հեռացնելու որոշում կայացուցած էր: Վէրմիշեանը դատաւորի պահուածքէն վրդոված էր ու անոր ինքնազգացողութիւնը վատացած էր: Վէրմիշեանին, սակայն, հիւանդանոց չէին տեղափոխած։