image

Ինծի Չխայթող Օձը Թող Հազար Ապրի. Րաֆֆի Հերմոն Արաքս.

Ինծի Չխայթող Օձը Թող Հազար Ապրի. Րաֆֆի Հերմոն Արաքս.

«Եւրոմիութեան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պատեհապաշտութեամբ վարած «Ինծի չխայթող օձը թող հազար տարի ապրի» քաղաքականութիւնը պատճառ դարձաւ,  որ Սուրիոյ ներքին տագնապը սկսելէն վերջ, փոխանակ ժամանակին, տեղին, առողջ եւ ազդեցիկ միջոցներու  դիմելով   տագնապին լուծումներ  գտնէին օգտագործեցին  Թուրքիան, որպէսզի  զբաղի այս կեղտոտ հարցով»  գրած է պոլսահայ  լրագրող Ռաֆֆի Հերմոն  Արաքս: Յօդուածագիրը,  որուն  գրութիւնը  լոյս տեսած է թրքական T24.com.tr  կայքին  մէջ   նկատել տուած է,  թէ արեւմտեան աշխարհը իր առաջ նպատակ դրած է  Սուրիոյ  խնդիրները  Թուրքիոյ  ձեռամբ լուծելու, «առանց իր ձեռքը կեղտոտելու, առանց նախատեսելու թէ շուտով ոչ թէ իր ձեռքը այլ ամբողջ մարմինը պիտի կեղտոտի»:

 Լրագրողին կարծիքով «Եւրոպան եւ Ամերիկան նոյն սխալը գործած են երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ժամանակ: Անոնք ժամանակին պէտք եղած առողջ ու անհրաժեշտ   քայլերը չառին եւ մեծ տրամաներ ապրեցան եւ ցարդ  կը կրեն երկրորդ աշխարհամարտի նիւթական եւ բարոյական ծանրութիւնները եւ  այսօր  եւս  ատակ են նմանատիպ  տագնապներ ապրելու: «Տէյլի Թէլէկրաֆ»ի,  «Նիւ Եորքի Թայմըզ»ի եւ  «Ուաշինկթըն Փոսթ»ի վերջին օրերու հրապարակումները  կը հաստատեն այս մէկը»  գրած է ան նկատել  տալով, որ  «Անոնք բացայայտօրէն յայտարարած են, թէ Ռուսաստանի ռազմական   գործողութիւններուն եւ սուրիայէն  դէպի Եւրոպա   հասնող  զանգուածային ապաստանողներուն դիմաց,  պարտաւոր են Թուրքիային զօրակցիլ, հակառակ որ Թուրքիոյ հանդէպ մեծ համակրանք չունին, սակայն մարդկային իրաւունքներու, արդարութեան, պետութեան թափանցիկութեան, հաւասարութեան  եւ  տարբեր մարդկային հարցերու ոտնահարումներուն դէմ աչք պիտի փակեն»:    Լրագրողին  համաձայն «Մարդկային բարձր սկզբունքներով օժտուած երկիրներու որոշ ղեկավարներ եթէ հերթը  գայ զուտ շահերու եւ մարդկային տկարութեան, կը դառնան Թուրքիոյ նման երրորդ աշխարհի հակաժողովրդավարական  երկիրներ»:  Ռաֆֆի Հերմոն  Արաքս   իր   միտքը ամփոփելով գրած է, թէ ինք որպէս եւրոպայի քաղաքացի (նկատի առնելով,որ Արաքս  նաեւ Ֆրանսայի քաղաքացի է-«Արեւելք») չուզեր կրել այդ անպատուութիւնը եւ որպէս  թրքահպատակ չի հանդուրժեր, որ Թուրքիան խաղալիք դառնայ Արեւմուտքի կեղտոտ խաղերուն մէջ: