image

Ինչո՞ւ Ատրպէյճան այս փուլին որոշեց հայ ռազմագերիներու խումբ մը ազատ արձակել. Փորձագէտ

Ինչո՞ւ Ատրպէյճան այս փուլին որոշեց հայ ռազմագերիներու խումբ մը ազատ արձակել. Փորձագէտ

2021 թուականի ընտրութիւններու ժամանակ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը գերիները յորդորեց սպասել եւս երկու ամիս մը, սակայն անցած է 2,5 տարի։ Երբ կը շարունակես բանակցութիւններն այն բանէ ետք, երբ միւս կողմը խախտած է զանոնք, դուն անոր նոյն ոգիով  շարունակելու «քարտ պլանշ» կու տաս: Ան պէտք է պնդէր, որ բանակցութիւններ պէտք չէ ըլլան, քանի դեռ չէ եղած գերիներու փոխանակում «բոլորը բոլորի դիմաց» սկզբունքով։ Այս մասին NEWS.am -ի թղթակցի հետ զրոյցին ըսած է քոնֆլիքթաբան, բանակցային փորձագէտ Արթուր Մարտիրոսեանը։

Բայց ինչո՞ւ այդ տեղի ունեցաւ հիմա:

Իր փորձագիտական ​​գնահատմամբ, Ալիեւն ամէն կերպ կ՚ուզէ արտաքին խաղցողներուն ցոյց տալ, որ պատրաստ է որոշակի քայլերու, բայց միայն այն պարագային, եթէ Հայաստանի իշխանութիւնները կատարեն իր պահանջները։

Փորձագէտն Ալիեւի այս որոշումը կապած է նաեւ 2024 թուականի փետրուարին Ատրպէյճանի մէջ սպասուող արտահերթ ընտրութիւններու հետ։

«Դժուար թէ դա եղել է առանց երրորդ կողմի միջնորդութեան»,- կը կարծէ ան։

Մարտիրոսեանը տարօրինակ անուանած է կողմերու միջեւ վստահութիւն կառուցելու միջնորդներու ցանկութիւնը միայն ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմիէն ետք, այլ ոչ թէ անկէ առաջ։ Սովորաբար հակառակը կ՚ըլլայ․ սկիզբը կ՚աշխատին վստահութիւն ստեղծելու ուղղութեամբ, յետոյ ձեռնամուխ կ՚ըլլան բովանդակալից բանակցութիւններու։

Անոր կարծիքով, ԱՄՆ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը դիմած է այս քայլին նաեւ ԱՄՆ-ի հայ ընտրազանգուածը ներկայ վարչակազմի կողմը գրաւելու համար՝ ԱՄՆ-ի մէջ կայանալիք նախագահական ընտրութիւններու լոյսին տակ։

Փորձագէտը չի բացառեր, որ Ալիեւ կրնայ հետագային օգտագործել միւս պատանդներն ու գերիները, այդ շարքին՝ Արցախի նախկին ղեկավարները, սակարկելու եւ որոշակի շահ ստանալու համար։

«Սակայն դա դժուար թէ տեղի ունենայ Ադրբեջանում ընտրութիւններից առաջ»,- նշած է ան։

Ըստ անոր, Փաշինեանի հիմնական նպատակն է, որ այս ամէնը չթուայ Հայաստանի կողմէ միակողմանի զիջում։