image

Հռոմի Լէոն 14-րդ Պապի անդրանիկ այցը դէպի Թուրքիա պիտի ըլլայ 

Հռոմի Լէոն 14-րդ Պապի անդրանիկ այցը դէպի Թուրքիա պիտի ըլլայ 

Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»էն կը կարդանք՝

Թուրքիոյ տեղական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն որ Հռոմի նորընտիր քահանայապետի առաջին արտասահմանեան այցելութեան ուղղութիւնը պիտի ըլլայ Թուրքիան, աւելի ճիշդ՝ Իզնիք (հին անունով Նիկիա)։

Հաւանական այցելութիւնը կապուած է Նիկիոյ առաջին տիեզերական ժողովի 1700ամեակի իրադարձութեան հետ։

Վախճանումէն առաջ, Ֆրանսիսքօ Ա. Պապը յայտնած էր նոյն առիթով Թուրքիա այցելելու մտադրութեան մասին։