image
Հրատապ լուրեր:

Հրանդ Տինքի Սպաննութեան Մեղադրականը Երկրորդ Անգամ Վերադարձած է Դատախազին

Հրանդ  Տինքի Սպաննութեան Մեղադրականը  Երկրորդ Անգամ Վերադարձած է Դատախազին

Դատախազ Կիւգալփ Գոգճու կը վերանայի մեղադրական խնդիրի մը, շարունակելու հետաքննութիւնը պետական պաշտօնեաներուն, որոնք սխալի եւ անփուփութեան մեղադրանքով ամբաստանուած են թրքահայ լրագրող Հրանդ Տինքի սպանութեան հարցով: Մեղադրականը  դատախազին կրկին յանձնուած է Պոլսոյ հասարակական գլխաւոր դատախազի գրասենեակին  կողմէ, իբր պարունակելով անուններ կարգ մը հակակառավարական ոստիկաններու, որոնք կասկածելի են եւ անոնց  համար կը պահանջուի 25 տարուան  ազատազրկում: Մեղադրեալներէն է ոստիկանութեան պետ Էնկին Տինչ, որ կասկածելիներէն մին կը համարուի: Տինչ, որ  ներկայիս ազգային ոստիկանութեան հետախուզական բաժնի պետն է, Տինքի  սպաննութեան օրերուն ՝2007-ին Տրապիզոնի ոստիկանութեան հետախուզական բաժինը կը ղեկավարէր: Պոլսոյ հասարակական գլխաւոր դատախազի գրասենեակը17 Հոկտեմբերին վերադարձուց Գոգճուի առաջին մեղադրական խնդիրը այն հիմքով, թէ դէպքը տարբեր էր: Մեղադրանքը փոխելէ ետք Գոգճու 150 էջ փաստաթուղթ նոր տարբերակ մը ուղղարկեց դատախազի գրասենեակ 21 Հոկտեմբերին:  Գոգճու նաեւ խնդրած էր, որ պետական պաշտօնեաներուն վերաբերեալ սխալի եւ անփութութեան մեղադրանքով իրականացուած հետաքննութիւնները պէտք է կցուին դատավարութեան լսուելու համար Պոլսոյ 5րդ բարձր քրէական դատարանին կողմէ ընդդէմ Հրանդ Տինքի սպանութեան յանցագործներուն: Այս դատավարութեան` Օկիւն Սամաստ, Եասին Հայեալ եւ Էրհան Դունսէլ կը հանդիսանան որպէս մեղադրեալներ: Երկուշաբթի օր փոխուած մեղադրականը կը վերադառնար Գոգճուին Գլխաւոր դատախազի գրասենեակի կողմէ հիմնաւորուելով որ մեղադրականը տակաւին «տարբեր» էր: Որովհետեւ ամբաստանութիւն կար Տինչին, որ մօտիկ կապ ունէր «Արդարութեան եւ Զարգացում» կուսակցութեան հետ, նաեւ 25 այլ պետական կասկածեալ պաշտօնեաներ, որոնց անունները դատախազութեան կողմէ պահանջած էր Գոգճուէն վերացնել: Այս կասկածելիները կը մեղադրուին «ոճրագործութիւնը իրագործելու կազմակերպութիւն ձեւաւորելու» եւ «կամաւոր սպանութիւն» ամբաստանութեամբ:


Նիւթի աղբիւրը` Todays Zaman