ՀՕՄ-ի «Ախուրեան»ի Մօր եւ մանկան առողջութեան կեդրոնը պատնէշի վրայ

ՀՕՄ-ի «Ախուրեան»ի Մօր եւ մանկան առողջութեան կեդրոնը պատնէշի վրայ

 Հայաստանի Ախուրեան շրջանի մօր եւ մանկան առողջութեան կեդրոնը կը շարունակէ իր առաքելութիւնը։ Օրերս կեդրոնը բարի լուրով մը կիսուած է իր դիմատետրեան էջին, նշելով որ կեդրոնէն ներս լոյս աշխարհ եկած է թիւով 21000-րդ երեխան։

Լրատւութեան մէջ մասնաւորապէս գրուած է ՝

Հայ Օգնութեան Միութեան Ախուրեանի «Մօր եւ Մանկան առողջութեան կեդրոն» հիմնադրամում 09/09/2023 թ-ին ծնուել է կենտրոնում գրանցուած թուով 21000-րդ երեխան։

Ծնուել է աղջիկ երեխայ , 3300 կրամ քաշով եւ 52սմ. հասակով։ Կենտրոնի տնօրինութիւնը եւ ողջ անձնակազմը շնորհաւորում է Վարդանեանների ընտանիքին եւ մաղթում անամպ երկինք եւ երջանիկ մանկութիւն։