Անցած գիշեր արցախեան սահմանին հակառակորդը տարբեր հրաձգային զինատեսակներէ հրադադարի պահպանման ռեժիմը խախտած է աւելի քան 55 անգամ։ Ինչպէս կը տեղեկացնէ ԱՀ ՊՆ մամլոյ ծառայութիւնը, այդ ընթացքին, հայ դիրքերու ուղղութեամբ արձակուած է շուրջ 1000 կրակոց:
Առաջնային գիծի հիւսիսարեւելեան ուղղութեամբ ազրպէյճանական զինուժը կիրառած է նաեւ ականանետ եւ ենթափողային նռնականետ` արձակելով 2 արկ:
ՊԲ առաջապահ զօրամասերը կը շարունակեն իրականացնել մարտական հերթապահութիւնը: