image

Հեռացողները Պիտի Վերադառնա՞ն Սուրիա

Հեռացողները Պիտի Վերադառնա՞ն  Սուրիա

 Վերջին  ամիսներուն  սուրիացի գաղթականներու   թղթածրարը    կարեւոր  տեղ գրաւեց, ոչ միայն Միջին Արեւելեան երկիրներու, այլ  յատկապէս եւրոպական ցամաքի     երկիրներուն համար:     Չսպասուած  հոսքը     այսօր ոչ միայն կը սպառնայ այդ   «հիւրընկալ»  երկիրներուն  մէջ      ըլլալիք ընկերային տագնապով, այլ նաեւ    ապահովական մտատանջութիւնը կը դարձնէ եւրոպական  երկիրներու ղեկավարութեան թիւ  մէկ  խնդիրը:  Վաղուան  գերխնդիրը`  ձեւով մը: Այս շրջանագիծին մէջ, երբ  հազարաւոր սուրիացիներ  կը կտրեն  թրքական ջուրերը եւ  կը հասնին յունական  «Գոս»     շրջանի ափերը,   բնական է, որ  հայեր նաեւ   նոյն կամ տարբեր  ուղիներով «իրենց բախտը  կը  փորձեն»  օտար  ափերու վրայ:  Ու հակառակ  անոր, որ Հալէպի կամ Դամասկոսի մէջ  մնացող  մէկէ աւելի  հայ պատասխանատուներ   տարբեր առիթներով հերքած   են, որ    գաղթականներու շարքերուն մէջ հայեր կան, անցնող օրերու տեղեկութեանց հիման  վրայ  յստակ  կը դառնայ, որ հարիւրաւոր  հալէպահայեր տարբեր միջոցներով (որոնց մասին  պիտի գրենք  աւելի ուշ) հասած են  Եւրոպա կամ ամերիկաներ:  Հարցը, որ պիտի  տանք հռետորական չէ,  այլ ունի  ազգային հիմքի վրայ եղած շեշտադրում մը:    Ճիշդ  պիտի չըլլա՞ր,  որ  հալէպահայեր կամ  ամբողջ սուրիահայերը կամ առնուազն անոնք, որոնք վճռած են    հեռանալ  Սուրիայէն՝ ընդունիլ  ու պահել  Հայաստանի մէջ:   Անպայման Ստալին էր պէտք մեր գլխուն, որ հասկնայինք, թէ մարդագրական սուր  տագնապէ մը անցնող  Հայաստանը այսօր աւելի քան որեւէ ժամանակ    կարիք ունի     բնակչութեան թիւի աճի: Մինչեւ ո՞ւր եւ մինչեւ ե՞րբ պիտի շարունակենք  իրար վրայ խնդալ:  Հայրենասիրութիւնը  դարձուցած ենք ուռուցիկ բառ մը եւ  անոր կեղծ   շպարին մէջ կը փորձենք   սահմանագծել մեր  անցած երազներուն ստուերները: Իրօ՞ք  կարիքն ունինք մենք    այս Հայաստանին, կամ թէ   տարիներու  ընթացքին Սփիւռքի մէջ  մեզի ջամբուած լոյսը եւ բառը  սուտ էին եւ դատարկ՝ իրենց միջուկէն: Հարցադրումները, որ կը դրուին   նպատակ չունին  մեղադրել որեւէ կողմ, կուսակցութիւն, եկեղեցի, յարանուանութիւն կամ  միութիւն: Մեր մտահոգութիւնը   Սուրիոյ  հայութեան  ապագան ըլլալէն անդին Հալէպէն ու Դամասկոսէն  յաւիտեանս  հեռացած  հայորդիներու ճակատագիրն է: Ու տխուր է նաեւ, որ  անոնք  ոչ մէկ պարագայի տակ Հալէպ, Դամասկոս, Լաթաքիա կամ Քեսապ  պիտի   վերադառնան:   Երանի սխալած ըլլանք մեր դիտարկումին մէջ: 

 

 

  Ս. Ա.