image

Հայկազեան Համալսարանը Եղած Է Ե′ւ Հոսող Գետ Ե′ւ Կամուրջ. «Արեւելք»ին Ըսաւ Վերապատուելի Փօլ Հայտոսթեան

Հայկազեան Համալսարանը Եղած Է Ե′ւ Հոսող Գետ  Ե′ւ Կամուրջ. «Արեւելք»ին Ըսաւ Վերապատուելի   Փօլ Հայտոսթեան

 «Հայկազեան համալսարանին  ուղղուած բոլոր  պարգեւները ու պատիւները  կը նուիրուին այն նահատակին, որուն անունն էր Արմենակ Հայկազեան»,-  «Արեւելք»ին ըսաւ Սփիւռքի միակ հայկական Համալսարանի  տնօրէն Վերապատուելի Փօլ Հայտոսթեան: Վերապատուելին  նշեց, որ Արմենակ  Հայկազեան    եղած  է Վերապատուելի եւ դոկտոր  եւ վերադարձած էր իր երկիրը, որպէսզի հայ ժողովուրդի դժուար օրերուն, մինչեւ 1920 Գոնիայի մէջ ղեկավարէ  կրթական հաստատութիւն մը: «Արմենակ Հայկազզեան նահատակուեցաւ, որովհետեւ հաւատարիմ մնաց  իր ժողովուրդին եւ իր  ինքնութեան  ու  Աստծոյ կանչին»:  Վերապատուելին նաեւ նշեց. «Հաւանաբար շատ յարմար պիտի ըլլար ողջոյններէն յետոյ շնորհակալութիւն յայտնել Աստծոյ, որովհետեւ 100 տարի առաջ, երբ մեր ժողովուրդը նահատակութեան եւ տեղահանութեան ենթարկուեցաւ, անկէ շատ քիչ տարիներ ետք վերականգնեցաւ եւ վերականգնեց իր հաստատութիւնները՝ դպրոց, եկեղեցի եւ համալսարան»: Վերապատուելին Հայկազեան համալսարանի հիմնադրութեան մասին պարզաբանում կատարելով ըսաւ. «1950- ականներուն, երբ Հայկազեանը կը հիմնադրուէր, կը զգացուէր հայկական վարժարաններուն համար ուսուցիչ պատրաստելու աշխատանքին կարեւորութիւնը  եւ  ո՞վ պիտի պատրաստէր հայ մարդը, ուսուցիչը, ուսոցչուհին եւ խմբագիրը եւայլն... եթէ ոչ այն անձիք, որոնք գործ ունէին կրթական, մանկավարժական մարզին մէջ, ուրեմն 50- ական թուականներուն կարգ մը անձնաւորութիւններ եւ հիմնականին մէջ երկու խմբակցութիւններ միացան իրենց կամքով եւ գտան երկու նուիրատու ամերիկահայեր, որոնք  ստանձնեցին այս նուիրական աշխատանքը:» Շարունակելով իր բացատրութիւնը Հայկազեան համալսարանի հիմնադրման մանրամասնութիւններուն մասին, ան  աւելցուց.  «Հայկազեանի առաջին  երկու նուիրատուները կոչուած են Ստեփան,  որ եկած են Հաճընէն, անոնք Ատանայի ջարդէն առաջ Ամերիկա մեկնած  ու փափաքած են  վերադառնալ, բայց արդէն  անկարելի էր: Իրենց երազը հայկական դպրոց հիմնելու իրականացած է 45 տարիներ ետք: Անոնք նուիրատուութիւն  ըրած են, որպէսզի վերականգնեն Կիլիկիոյ մէջ իրենց կորսնցուցածը եւ այդ գործին ետեւ կանգնած էր Ամերիկայի Հայ Աւետարանակչական ընկերութիւնը»:

Հայկազեան համալսարարանի տնօրէնը Պէյրութի հայ թէ, Լիբանանեան կրթական ծիրէն ներս, երկար տարիներ պատուական ու շնորհակալ դեր կատարող հայկական միակ համալսարանին մասին  խօսելով ըսաւ. «Հայկազեանը եղած է ե′ւ հոսող գետ ե′ւ կամուրջ: Ինչո՞ւ, որովհետեւ  կամուրջը բաւարար չէ, բաւարար չէ եթէ    անշարժ  եւ  ցամքած վիճակ կայ եւ շարժում չկայ: Մեր բոլորին համար կարեւոր է, որ մեր գիտութիւնը զարգացող գիտութիւն ըլլայ, մեր մշակոյթը զարգացող մշակոյթ ըլլայ, շարժի, ուղղուի եւ նպատակին ծառայէ եւ միայն այսքանով չբաւարարուի»,-նշեց  Վերապատուելի Հայտոսթեան նկատել տալով. «Հայկազեանը պէտք է մնայ հոսող գետ, զուլալ ջուր, որ հասնի հոն, ուր կրնայ հասնիլ իր շրջանաւարտներով, իր ծառայութիւններով, իր աշխատանքներով: Իսկ կամուրջ ըլլալով Հայկազեանը վաթսուն տարիներէ ի վեր կապած է ոչ միայն հայ ժողովուրդը, անոր տարբեր խմբակցութիւնները իրարու, ապա նաեւ Հայկազեանը հայուն ներկայացուցիչը դարձած է արաբախօս եւ ոչ քրիստոնեայ ժողովուրդներուն համար»:

 «Արեւելք»ի  խօսակիցը Հայկազեան համալսարանի  դերը հինմաւորելով շեշտեց. «Հայկազեանի  առաքելութիւնը չափազանց կարեւոր է,  որովհետեւ Սփիւռքի մէջ հայկական բոլոր հաստատութիւններուն պարտականութեան մէկ մասը ըլլալու է ներկայացնել հայը, հայութիւնը, հայկականը, լաւագոյն եւ դրական իր միջոցով, եւ Հայկազեանը այդ ջանքին մէջ փորձ ունեցած է վաթսուն տարիներու փորձ, երբ կամրջած է հայը այլ լիբանանցիներու եւ արաբ ժողովուրդներու հետ: Կամրջած է նաեւ  բոլոր հայերը իրարու հետ: Երբեմն զարմանքով մարդիկ ինծի դիմած են, տեսած են, որ Հայկազեանի մէջ ոչ մի  հայ հարանուանական խտրութիւն չկայ եւ կամ ընդհակառակը` իսկապէս միասնականութիւն կայ,  այլ կայ  նաեւ քաղաքական, ընկերային, տնտեսական, տարբեր խաւերու, մակարդակներու, ժողովուրդներու մարդոց մէկտեղումը: Եթէ հարց տրուի ինծի, ի՞նչն է, որ այդ վաթսուն տարիներէ գոհացուցած է զիս, հետեւեալն է. ընկերային, տնտեսական բոլոր խաւերէն մարդիկ, Հայկազեան գալով բարձրացուցած են իրենց ընտանիքները, իրենց գաղութները»: Իսկ Հայկազեանի դերն ու մակարդակը մատնանշելով`  Վերապատուելին  յայտնեց. «Բնականաբար Հայկազեանը կամրջած է իր իրականութիւնը, հայկականը, լիբանանեանը մանաւանդ ամերիկեան համալսարաններու համակարգին հետ, Ամերիկայէն դուրս, Ամերիկեան համալսարանի համակարգին մէկ մասը կը կազմէ»: Աւարտին խօսելով Հայաստանի հետ կապերու կարեւոր  իրադրութեան  մասին`  Հայտոսթեան  նշեց. «Այսօր գոհունակութեամբ պիտի յիշենք, որ Հայաստանի հետ այդ կամուրջները նետելու կամ ամրացնելու ընթացքին մէջ ես կը մտածէի, որ Հայկազեանը Հայաստանի հետ կամուրջ կը նետէ թէ ոչ, յանկարծ զգացի, որ Հայկազեանն ու Հայաստանը թէ' հոսող ջուր են թէ' կամուրջ, որովհետեւ մեր հոսող ջուրը առանց Հայաստանի եւ Հայաստանի ժողովուրդին, հանրապետութեան եւ անոր հաստատութիւններուն շատ ցանցառ պիտի ըլլայ, տկար պիտի ըլլայ»: