image
Հրատապ լուրեր:

«Հայկազեան համալսարան»ի առաքելութիւնը կը շարունակուի. Հրապարակուած են 2 հատորներ

«Հայկազեան համալսարան»ի առաքելութիւնը կը շարունակուի. Հրապարակուած են 2  հատորներ

Պէյրութի եւ Մերձաւոր Արեւելքի միակ հայկական համալսարան՝ «Հայկազեան»ի քարտուղարութիւնէն ստացած ենք թղթակցութիւն, որուն  շահեկանութեան համար զայն կը հրապարակենք ամբողջութեամբ։

 

Հինգշաբթի, 19 Յունուար 2022ի երեկոյեան, Հայկազեան համալսարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայկազեան հայագիտական հանդէսի (ՀՀՀ) 2022 տարուան (42րդ հատոր) զոյգ գիրքերուն (42/1 եւ 42/2) շնորհանդէսը, ներկայութեամբ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի, Հանդէսի հնագոյն աշխատակից, Հայաստանի Հանրապետութեան գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի արտասահմանեան անդամ պատմաբան պատուակալ դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանի, Մխիթարեան միաբանութեան փունջ մը սաներու, հիւրերու, բարեկամներու եւ Հանդէսի խմբագրակազմի անդամներուն:

Բացման խօսքին մէջ, Հանդէսի խմբագիր դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան հրաւիրեց ներկաները յոտնկայս լռութեամբ յարգելու յիշատակը Հանդէսի խմբագրակազմի ապա եւ խորհրդատու մարմնի անդամ հանգուցեալ Ժիրայր Դանիէլեանի յիշատակը, որմէ ետք ան նշեց թէ 42րդ հատորէն սկսեալ Հանդէսը լոյս պիտի տեսնէ մէկ հատոր-երկու գիրք դրութեամբ: Դոկտ. Իւրնէշլեան արձանագրեց ընթացիկ հատորով սկսող նորութիւնները՝ «ՀՀՀի նոր մշակուած առաքելութիւնն ու տեսլականը», «մասնագիտական հարցազրոյց»ի բաժինը, «ազգագրական, բանահիւսական» հում նիւթի ներկայացումը, հատորները եզրափակող «Յիշատակարան»ը, միաժամանակ նշելով, թէ Հանդէսը «բեմ կը հանդիսանայ նաեւ երիտասարդ գիտնականներու, այն հաստատ համոզումով, կամ գէթ ակնկալիքով, որ անոնք այս հանգամանաւոր հանդէսին մէջ հրատարակուելով, կը դառնան աւելի՛ խստապահանջ, աւելի՛ բծախնդիր եւ յօդուած առ յօդուած կը բարելաւեն իրենց աշխատանքը»:

Վաստակաշատ բանասէր դոկտ. Յակոբ Չոլաքեանի խօսքը ընթերցեց Հանդէսի խմբագիր տիկ. Սիլվա Փափազեան: Դոկտ. Չոլաքեան ՀՀՀն նկատեց «Ներկայիս՝ Սփիւռքի մէջ աւանդական ուղղագրութեամբ լոյս տեսնող փաստօրէն միակը... բոլոր գրութիւնները, արեւմտահայերէն թէ արեւելահայերէն, լոյս կը տեսնեն աւանդական ուղղագրութեամբ։ Մեր ուղղագրութեան բազմաձեւութիւններու բովին մէջ խմբագրութիւնը միօրինականացման յստակ մօտեցում կը ցուցաբերէ։ Ասիկա յուժ կարեւոր փաստ մըն է հայագիտութեան արեւմտահայ աւանդութիւնները պահպանելու տեսակէտէն»։ Ապա ան ընդգծեց, թէ «Հայագիտութեան նուաճումները պէտք է հասնին օտար ընթերցողին, ասիկա անհրաժեշտութիւն մըն է... մեր ցանկութիւնն է, որ մեր ուսումնասիրողները նախ կիրարկեն արեւմտահայերէնը եւ հուսկ, հանրայնացնելու համար արժանի նիւթերը՝ շարադրեն անգլերէնով կամ այլ լեզուով մը։ Հայագիտութիւնը մեր հոգեւոր եւ նիւթական մշակոյթի արժէքները արժեւորելու ու հանրայնացնելու դերը ունեցած է եւ ունի ներկայիս,- ու թելադրեց,- պէտք է կարողանալ օտար եւ օտարագիր հայագէտներուն ալ ցանկալի բեմ դարձնել Հանդէսը։...Կ'ակնկալուի նաեւ, որ Հանդէսը կարողանայ սերտ կապեր հաստատել ամբողջ Սփիւռքի տարածքին սփռուած հայագիտական հիմնարկներու եւ ամբիոններու հետ ու ապահովել անոնց մերձեցումն ու նոյնիսկ համատեղ ծրագիրեր մշակել»։ Դոկտ. Չոլաքեան անդրադարձաւ նաեւ ընդգրկուած նիւթերուն խմբաւորումներուն՝ պատմա-հնագիտութիւն, գրականագիտութիւն, լեզուաբանութիւն, տնտեսագիտութիւն, արուեստ ու արհեստ, ընկերաբանութիւն, բանարուեստ եւ ազգագրութիւն, եկեղեցագիտութիւն, փիլիսոփայութիւն, հրապարակումներ եւն., մատնանշեց «մօտիկ անցեալի մեր խնդիրները լուսարձակի տակ» առնող նիւթեր, ու շեշտեց՝ «Մեզի համար յուժ կարեւոր են արեւմտահայութեան ու մանաւանդ սփիւռքահայութեան վերաբերող ուսումնասիրութիւնները, որոնք լուսարձակի տակ կ'առնեն որոշ տեղավայրեր, դէպքեր ու դէմքեր, կամ կու տան համայնքային-յարանուանական ու գաղութային պատմութեան պատկերը», «ցանկալի» նկատեց որ «սփիւռքահայ գրականագէտներ, արուեստաբաններ եւ երաժշտագէտներ տեղ գրաւեն Հանդէսին մէջ»։ Ան նկատեց որոշ հետաքրքրութեան մը ներկայութիւնը «Սփիւռքի մէջ հայ ժողովուրդի նիւթական մշակոյթի ցրուած արժեքները հաւաքողներուն եւ հանրայնացնող ուսումնասիրողներու նկատմամբ», կարեւորեց Հանդէսի հրապարակումներու բաժինը, Հանդէսին «իւրայատկութիւններէն» համարեց աշխատակիցներու կենսագրութեան ու «մահագրականներ» բաժինները։ Հուսկ, ան գնահատելով Հանդէսի լեզուագիտութեան բաժինը, «ցանկալի» գտաւ որ «Սփիւռքի համար լրջագոյն խնդիր ներկայացնող արեւմտահայերէնի ուսուցման հետ կապուած հարցերը՝ մեթոտաբանութիւն, դասագիրքեր, ուսուցիչներու որակաւորում, առկայ եւ առցանց, ամէնօրեայ եւ միօրեայ ուսուցման հարցերը... քննարկումի ենթարկուին» Հանդէսին մէջ։ Դոկտ. Չոլաքեան շնորհակալութիւն յայտնեց Հանդէսի հրատարակութեան զօրավիգ կանգնած մարմիններուն եւ խմբագրակազմին «բծախնդիր ու հետեւողական աշխատանքներուն»:

Շնորհանդէսի գեղարուեստական բաժինով, 42րդ հատորի առաջին գիրքին մէջ լոյս տեսած հանգուցեալ Վահան Ա. քհնյ. Քենտիրճեանի ինքնագիր յօրինումներէն երգեց իր թոռը՝ տիար Սեւակ Քենտիրճեան:

Անդրադառնալով դարերու ընթացքին բառերու, հասկացութիւններու եւ հաստատութիւններու հանդէպ մարդ արարածին ընկալման փոփոխութիւններուն, Հանդէսի պատասխանատու խմբագիր դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան հաւաստեց, որ ՀՀՀի «պատկան մարմինները, խմբագրակազմս ու անոր շուրջ հաւաքուածներս ... կը դաւանինք հայագիտութիւն հասկացութեան նոր սահմանումին, զայն աւելի լայն կը տեսնենք քան դասական հայագիտութիւնը...: ...Մեր դաւանած հայագիտութեան նոր սահմանումը կը կիրարկենք ... Հանդէսին մէջ...քանի որ կը հաւատանք որ այդպէսով հայագիտութիւնը կ'այժմէականանայ, ... կը թարմանայ, կ'երիտասարդանայ, այդպէսով ան առաւե՛լ օգտապաշտական, սատարողական կը դառնայ: Ասիկա գործընթաց մըն է, որուն իրագործումը հետեւողականօրէն կը հետապնդենք»: Դոկտ. Տագէսեան եզրափակեց իր խօսքը, ընդգծելով, որ «Ժամանակն է, որ ազգային գերագոյն ճգնաժամի այս օրերուն, մենք մեր բաժինը կատարած ըլլալու ինքնախաբէութեան քամֆըրթ զոներէն դուրս գանք եւ արտակարգ ոստումով մը վերաիմաստաւորենք մեր ազգային հասկացութիւնները եւ վերաիմաստաւորուած կիրարկենք զանոնք»: 

Փակման իր խօսքին մէջ, Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. Հայտոսթեան գոհունակութիւն յայտնեց Հանդէսին արձանագրած յաջողութիւններուն, անոր հետեւողական հրատարակման, մակարդակին պահպանման: Ան Հանդէսի 2022 տարուան զոյգ գիրքերու հրատարակումը նկատեց «վստահաբար զարգացման քայլ», աւելցնելով որ «գոհունակութիւն անպայման չի նշանակեր բաւարարութիւն: Սակայն, երբ կայ պատճառ գոհունակութեան՝ մենք կարեւորութեամբ պէտք է զայն ընդգրկենք»: Ան աւելցուց, որ հայկական «նահանջի օրինակները կրնան բազմաթիւ ըլլալ մեր չորսդին: Բայց կարիքը ունինք յիշելու թէ կան նաեւ կարեւոր յառաջխաղացքներ մեր հայկական կեանքին մէջ»: 

Վեր. Հայտոսթեան կարեւորեց հայ դպրոցին մէջ տարուելիք աշխատանքը՝ «կարդա՛լ, մտածե՛լ եւ գրե՛լ քաջալերել, որպէսզի նորահաս սերունդները չթուլնան իրենց զարգացման եւ աճման ջանքին մէջ»: Ան անդրադարձաւ գիտական եւ տեղեկատուական աշխարհին մէջ տարուող մրցակցական պայքարին, հաւաստելով որ էական է «բոլոր լեզուներով առատ հայագիտական նիւթ հայթայթելը աշխարհին»: 

Հուսկ, ան ողջունեց «Արցախի մէջ պայքարող մեր աշխատակիցները, Հայաստանի եւ Սփիւռքի հայագէտները որոնք կը գործեն առանձինն իրենց անկիւններուն մէջ կամ հաստատութիւններու մէջ, մեզմէ բաժնուած ու սիրելի Ժիրայր Դանէլեանի թարմ յիշատակը, անոր հայագիտական վաստակը Հայկազեան համալսարանէն ներս երկար տարիներ եւ շատ անդին, ներառեալ Հանդէսի պատմութեան մէջ»: Վեր. Հայտոսթեան իր խօսքը փակեց գնահատանքի խօսք ուղղելով խմբագրակազմին եւ՝ «2023ի հատորով նորանոր հանդիպումներու յոյսով եւ նորոգեալ տեսիլքով» բաժնուիլ առաջարկեց շնորհանդէսի այս «տօնական» պահէն:

Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի 42րդ հատորի երկու գիրքերը միասնաբար կը հաշուեն 67 յօդուած-ուսումնասիրութիւններ, քննարկումներ, հրապարակումներ եւ գրախօսութիւններ եւ շուրջ երեսուն հայագէտներու մահագրականներ: Ընդհանուրը՝ 1300 էջ հաշուող այս հատորին աշխատակիցները կու գան Արժանթինէն, Եգիպտոսէն, Թուրքիայէն, Լիբանանէն, Հայաստանի Հանրապետութենէն, Մ. Նահանգներէն, Յունաստանէն, Չեխոսլովաքիայէն, Սուրիայէն, Քանատայէն եւ Ֆրանսայէն:

Հանդէսի այս եւ նախորդ բոլոր հատորներուն նիւթերը կարելի է գտնել առցանց՝ Հայաստանի Ազգային Գրադարանի եւ ՀՀ Գիտութիւններու Ազգային Գրադարանի կայքէջերուն վրայ: