Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանն այսօր հանդիպում ունեցած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հետ:
Հանրապետութեան նախագահը եւ Վեհափառ Հայրապետը հանդէս եկած են կոչով՝ յաջորդ կիրակին՝ 22 նոյեմբերը, յայտարարուած է արցախեան ազատամարտի ընթացքին Հայրենիքի պաշտպանութեան համար նահատակուած հերոսներու յիշատակի օր եւ աշխարհի բոլոր հայկական եկեղեցիներուն մէջ կատարել յիշատակի արարողութիւն: