image

Հայերէնը կը զուարճանայ (20)

Հայերէնը կը զուարճանայ (20)

1.«Յաջորդ   շաբաթ Գերմանիա պիտի ներկայացնէ նոր առաջարկ մը»:

Բարեմիտ ընթերցող մը կը հարցնէ, թէ «ինչո՞ւ ընդունելի չէ այս նախադասութեան յաջորդ բառը»:

Այն պարզ պատճառով, որ յաջորդ բառը  որեւէ յստակ ժամանակ ցոյց չի տար...եթէ հայերէն կը մտածենք: Արեւմտահայերէ՛ն: Ինչո՞ւ...

Այս բառը, այս նախադասութեան մէջ, որուն բայը ապառնի է, կրնայ ակնարկել մեր առջեւ գտնուող՝ գալիք բոլոր ժամանակներուն՝ մինչեւ  ցկատարածն աշխարհի:

 ---Գալ շաբաթ վկայականս կ’առնեմ, յաջորդ շաբաթ կը ճամբորդեմ:

 ---5.000 թուականի  առաջին շաբաթը մեծ երկրաշարժ մը  տեղի պիտի ունենայ, յաջորդ շաբաթ ամէն բան պիտի խաղաղի:

 ---Վերջին դատաստանին՝ առաջին շաբաթը Աստուած  պիտի դատէ թուրքերը, յաջորդ շաբաթ՝ ազերիները, եւ յետոյ  բոլորը դժոխք ղրկէ:

Ինչպէս կը նկատէք «յաջորդ» (կրնայ ըլլալ՝ օրը, ամիսը, ժամը որեւէ գոյական) ածականը ժամանակային սահմանափակում չունի, ան կրնայ բնորոշել անցեալ, ներկայ ու գալիք բոլոր ժամանակները անխտիր՝ պայմանաւ, որ իրեն նախորդէ ժամանակի  ծանօթ հասկացութիւն անուն մը, որ իբրեւ մեկնակէտ, իբրեւ յղում  կը ծառայէ «յաջորդ շաբաթ»-ին: Մեր բերած օրինակներուն մէջ այդ մեկնակէտը «առաջին շաբաթ» հասկացութիւնն է, որուն շնորհիւ մենք կը յաջողինք տեղադրել, ճշդորոշել  «յաջորդ շաբաթ»-ը:

Մեր լրագրողը չէ՛ յիշած որեւէ ժամանակի անուն, որուն պիտի յաջորդէ Գերմանացիներուն բերելիք առաջարկին համապատասխանող շաբաթը:

Բառախաղեր չկան այստեղ, ամէն կարելիս կ’ընեմ, որ...հասկցուիմ, որովհետեւ առաջին անգամը չէ, որ  կ’ակնարկուի այս ածականին, հաւանաբար...երկրորդն ալ չէ,  բայց եւ այնպէս  վնաս չունի, կրկնութիւնը գիտութեան մայրն է, եւ  կը նկատեմ, որ այդ մօր կաթին կարիքը ունեցող չափահասներ  շատ  կան մեր մէջ, վասնզի  «բազումք իցեն ի միջի մերում, որք երդմամբ հրաժարեալ են սովորելոյ, հրաժարելով հրաժարեալ են,− մեղա՜յ Աստուծոյ,− եւ ոչ գիտեն,  զի ոչ  թողցին մեղք  իւրեանց,  յորժամ գոչէ  փող Գաբրիելայ ի հրաւէր  յահեղ դատաստանին  սրբոյն  Մեսրոպայ վարդապետին յերկինս»:

Այս ածականը մեքենական թարգմանութիւնն է անգլերէն next եւ ֆրանսերէն prochain բառերուն՝  next  week  եւ  la semaine prochaine, որոնք կը նշանակեն յաջորդ շաբաթ, այո, բայց անոնք կը նշանակեն նաեւ «յառաջիկայ շաբաթ», եւ ճիշդ այս երկու նշանակութիւններու   նկատառումով  կը կիրարկեն  անգլիացին ու ֆրանսացին  իրենց այդ ածականները:

Իսկ հայերէնի մէջ յաջորդ մենիմաստ է, կը նշանակէ միայն ա՛յն, որուն յատկացուցի վերի  երեմիականը:

Ուրեմն  քննարկուող օրինակը պէտք է  ըլլար հետեւեալը. « Յառաջիկայ շաբաթ Գերմանիա պիտի ներկայացնէ նոր առաջարկ մը»:

            Ո՞ւր է տարբերութիւնը:

Տարբերութիւնը ա՛յն է, որ յառաջիկայ ածականը յենարանի, յղումի  պէտք չունի իմաստաւորուելու համար, ան լայնօրէն ինքնաբաւ է ճշգրիտ ժամանակ  կամ այլ առարկայ բնորոշելու. «յառաջիկայ շաբաթ» կը նշանակէ այն  շաբաթը, որ պիտի յաջորդէ այս ներկայ  շաբաթին, ուր հիմա, այս պահուս կը գտնուինք, կը  զրուցենք ու կը գրենք: Անոր մեկնակէտը, յղումը իր մէջն է, եւ չի կարօտիր որեւէ ուրիշ ցուցիչի[1]:

 Ցաւալի է, բայց այսպէս է, հայեցի լեզուամտածողութեան  կը վնասէ նաեւ արեւելահայերէնը, որոհետեւ այնտեղ ալ ձիւթ ծամելու պէս  կ’ըսեն «յաջորդ շաբաթ»՝ կուրօրէն, բայց նաեւ մեծ գոհունակութեամբ ու սիրով թարգմանելով համապատասխան օտարաբանութիւնը: Եւ ոչ միայն այս:

Գիտեմ, որ նորէն Մակար Գաղիացիին վէրքերը կը բանամ, բայց ո՛նց անել,  ազի՛զ ջան, վէրքեր կան, որոնք   բնաւ նպատակ չունին   սպիանալու, ցա՛ւդ տանեմ:

 

*   *   * 

2. Զարմանալի զուգադիպութիւն:

            Հազիւ վերջացուցեր էի վերի հատուածը, երբ «Արմէնպրես»-ի մէջ (ա՜խ այս չըլլալիք «Արմէնպրես»-ը) կարդացի հետւեալը. «Նախորդ տարի մարդավաճառութ- եան զոհ դարձած են (ինք կ’ըսէ՝ թրաֆիքինգի) 12 հոգի (ինք կ’ըսէ՝ մարդ)»:

            Պէտք կա՞յ ըսելու, որ նախորդ-ը ճիփ ու ճիշդ երկուորեակն է յաջորդ-ին...

Եւ օժտուած է այն բոլոր թերութիւններով, որոնց ակնարկուեցաւ  յաջորդ-ին առթիւ: Եւ ինչպէս որ յաջորդ-ով կարելի չէր բնորոշել յստակ ժամանակամիջոց մը, նախորդ-ով նմանապէս կարելի չէ  բնորոշել այդպիսին: Ան կրնայ բնորոշել յաւիտենականութեան որեւէ մէկ պահը, որեւէ մէկ առարկան ու երեւոյթը:

Գալով բերուած օրինակին. հարցնենք՝ «նախորդ տարի զոհ դարձած են...», −նախորդ՝ յարաբերաբար ո՞ր տարուան, ճիշդ ե՞րբ զոհ դարձած են:

Կարելի է ըսել.  «Երկրաշարժի նախորդ տարին...»,-- քանի այստեղ ունինք երկրաշարժը իբրեւ մեկնակէտ: Կարելի է տակաւին ըսել. «Թորոսի նախորդ կինը աւելի մարդամօտ էր»,-- ուր  իբրեւ լռելեայն մեկնակէտ  կ’իմացուի ներկայ կինը: «Այս վարչապետը գերազանցեց նախորդը, մաղթենք յաջորդն ալ  նոյնքան փայլուն ըլլայ»:                        Բերուած օրինակին նախորդ-ը պէտք է փոխարինել անցած կամ անցեալ բարերով, որ կը հակակշռէ յառաջիկայ-ն. « Անցած  տարի զոհ դարձած են...» եւ այլն:

    

Մրցոյթ 13-ին   լուծումը.  

 ***Որքան  մօտենայինք, այնքան կը յստականային եռագոյնի  (կազմող) երիզները:

 ***Գիշերը շատ յառաջացած ըլլայուն՝ հիւրին թելադրեց  իր քով (տունը) քնանալ:   

  ***Այս անարդարանալի ուշացումերդ  սկսած են մտահոգիչ դառնալ:

  ***Թեր քուէարկեցին Ազգային ժողովի երեք պատգամաւորուհիները

                                                                                                         (կամ՝ կին պատգամաւորները):

  ***Հայաստան լրիւ  չէ ըմբռնած սփիւռքի ունեցած կարեւորութիւնը:

 

            Ճիշդ պատասխանած են՝ Ալին Գոճակէօզեան(10), Սարին Ագպաշ (8), Յովիկ Աթոքեան (10), Գէորգ Եազըճեան (10), Լեւոն Շառոյեան (10), Դանիէլ Թիւֆենքճեան (8), Ցոլակ Ապտալեան(4), Յարութ Կիւլիւզեան(10), Արմէն Պաղտոյեան (8), Մանուէլ Ֆարաճեան (8),  Համո Ապտալեան (8), Համբարձում Յարթունեան (10),  Պերճ Տէր Սահակեան (8), Եփրեմ Թոքճեան (10), Հայկ Իւթիւճեան (10):

            Յ. Գ. Կը խնդրուի նկատի ունենանլ որ մրցոյթ 12-ին Շաքէ Մանկասարեան-Գրոկան շահած է 6 կէտ: Թող ներուի մոռացումին համար:

 

            Մրցոյթ 14.   Վերաշարադրէ հետեւեալները. 

          ***Թալաթ փաշա անխնայ կը հրահանգէր, որ հայերը կոտորուէին:

          ***Ոստիկանները բռնի ուժով բերման ենթարկեցին խաղաղ ցուցարարները:

          ***Երբեմնի համրացած Սիւնիքի մարզպետը դա՛րձեալ լեզու ելաւ յանկարծ:

            ***Այն օրէն ի վեր ոսկիին գինը տասնապատիկ անգամ թանկացաւ:

            ***Կ’աւարտի Սուրիոյ պատերազմը, եւ սուրիացի գաղթականները կը վերադառնան Սուրիա:

 

Արմենակ Եղիայեան

armenag@gmail.com

 



[1] Յառաջիկայ գրական ձեւը բոլորովին համարժէք է ժողովրդախօսակցական գալ ձեւին (գալ  շաբաթ). ոմանք կ’ըսեն գալիք,  ուրիշներ՝ եկող, եւ ունին թրքերէն զուգահեռներ՝ gel  եւ  gelecek: