image

Հայերէնը կը զուարճանայ (148)

Հայերէնը կը զուարճանայ (148)

1.Արեւելահայերէնը ամէն օր քիչ մը աւելի կը նահանջէ արեւելահայուն բերնէն եւ... Հայաստանէն: Այո, այս է դառն իրողութիւնը: Դատեցէք ինքներդ.

--«Բաքվում հանդիպումից հետո Հայաստանի ԱԽ քարտուղարի ուշագրավ այցը Թբիլիս» («Առաջին լրատուական»):

Ամենատարրական հայերէնը իմացողին  ալ այս նախադասութիւնը կը թելադրէ, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան տուեալ պաշտօնեան Պաքուի մէջ ինչ-որ հանդիպումէ մը ետք այցելած է Թիֆլիս... ասկէ ուրիշ բան հասկնալու իրաւունք չունինք: 

Յօդուածին ընթերցումը, սակայն, ցոյց կու տայ, որ հայ պաշտօնեան չէ որ Բաքուի մէջ ինչ-որ հանդիպում ունեցած է, այլ... վրացի պաշտօնեայ մը, եւ այս վերջինը Թիֆլիսի մէջ պիտի ընդունի հայը...:  

2. Կարդանք.

--«Գիտաժողովի նպատակն էր դիւանագիտական հարթակին մէջ քննարկել քրտական գործօնը» («Ազդակ»): 

Բաւական երեւակայութիւն պէտք է պատկերացնելու համար «հարթակին մէջ» բառակապակցութիւնը.  հարթակ-ը՝ իր տափարակութեամբ, ինչպէ՞ս կրնայ  մէջ ունենալ. ան ո՛չ գրպան է, ո՛չ տուփ է, ո՛չ աման  կամ գաւաթ է, ո՛չ ալ գեղուհիի մը  ծով աչքերը, որպէսզի...  մէ՛ջ ունենայ:

Քննարկումը կը կատարուի...  «հարթակին վրա՛յ»:

Ֆրանսացիքկըսեն  «sur le plan», անգլերէն՝ «on the level of», իտալերէն՝ «sul piano»… ասոնք՝ sur, on, sul,  երեքն ալ կը նշանակեն վրան: Կը կարծեմ,  թէ համայն մարդկութիւնը կը մտածէ նոյն ձեւով, բացի... «Ազդակ»-ի քաղաքական էջէն: 

Վասնզի մեզ (արեւմտա)հայ են ասում:

Ծանօթ.− Ասոյթը արդէն գտած է  զինք երկրորդող մը. «Համապատասխան հարթակին մէջ ներկայացուած են աշխատատեղերը» («Արարատ», 21/10/23, էջ 3):

Այսպէս է, վաղը պիտի տեսնենք, թէ ինչպէս լեզուական ծամօն պիտի դառնայ «հարթակին մէջ»-ը՝ իբրեւ գեղագիտական գերագոյն գիւտ եւ նորարարութիւն, որուն իրենց արժանապատիւ մասնակցութիւնը պիտի բերեն  մեր հոսհոսները: 

Այսպէս եղած է միշտ, դժբախտաբար, եւ եթէ կուզենք, որ բան մը փոխուի, ապա ամէն գրող տարրական պարկեշտութիւնը պարտի ունենալ քիչ մը քննելու իր ոճը, գրածը, դառնալ իր սեփական գրութեան քննիչը, այլաէս ամէն թոյլ տրուած այլանդակութիւն պիտի ունենայ իր անվերապահ հետեւորդներն ու ընդօրինակողները, եւ ամէն անգամ քիչ մը աւելի պիտի աղաւաղուի հայերէնը եւ բթանայ ընթերցողին բանականաութիւնը:  

  1. Կարդալ հետեւեալները. 

--Այս ակնկալութիւնը կը հակասէ որեւէ տրամաբանութեան:

--Հիմնադրամը  զերծ  է  որեւէ  հատուածական նկատառումէ:

Հանգիստ կը զգա՞ք, թէ՞ կայ բան մը, որ հեզասահ չընթանար:

Ֆրանսացին պիտի ըսէր՝ 

--ça cloche!!!

Անգլիացին՝

--There is something fishy.

Իսկ իտալերէ՞նը...,− պիտի ըսէ հարցասէր ընթերցողը:

Իտալացին ալ կըսէ՝ 

--Qualcosa non quadra :

Որ  բառացի կը նշանակէ՝ «Անպատշաճ բան մը կայ»:

Սա արեւելահերէնի «չի կպնում»  ասոյթն է:

Հապա՞՞՞:

Իսկ արեւմտահայերէ՞նը... ցաւալի է, որ համապատասխան ինքնուրոյն  արտայայտութիւն մը չունինք: Կամ թերեւս ես չեմ գիտեր:  Եթէ կայ, ապա  գիտցողէն կը խնդրեմ, որ գրէ, որպէսզի ցրուեմ ընթերցողներուս:

Արդեօք կարելի է ըսել. «Խելքի չի պառկիր»:

*   *   *

Իմխորտպաւորութիւնսայնէ, թէ որեւէ դերանունի իբրեւ որոշիչ կիրարկութիւնը գոյականի մը վրայ՝ որեւէ տրամաբանութիւն,  անբարեհունչ ու խորթ է դրական բայի ներկայութեան, որ այստեղ  «կը հակասէ» է:

Այսինքն՝

--Կը հակասէ որեւէ տրամաբանութեան:

Եւթէայստեղպէտքեղողըամէն դերանունն է.

--Կը հակասէ ամէն տրամաբանութեան:

Իսկնոյնորեւէ-ն շատ աւելի հաշտ է բացասական բայի մը հետ:

Այսինքն՝ 

--Չի հակասեր որեւէ տրամաբանութեան:

Այսպարագայինալինծիկըթուի, թէ շատ աւելի բարեհունչ են՝

--Չի հակասեր ոչ մէկ տրամաբանութեան:

--Ոչ մէկ տրամաբանութեան կը հակասէ:

Ծանօթ.−  Նկատել, որ ոչ մէկ ժխտական դերանունին հետ բայը ժխտական կը դրուի, եթէ տուեալ բայը  կը գտնուի  ոչ մէկ  դերանունէն առաջ (չի հակասեր...ոչ մէկ): Բայը դրական կը դրուի, եթէ կը գտնուի  դերանունէն ետք (ոչ մէկ...կը հակասէ):

Այլյարացոյցմը.

--Ան կը մերժէ որեւէ առաջարկ:

--Ան կը մերժէ ամէն առաջարկ:

--Ան չի մերժեր որեւէ առաջարկ:

--Ան չի մերժեր ոչ մէկ առաջարկ:

--Ոչ մէկ առաջարկ կը մերժէ ան:

Ուրեմներկույարացոյցներունմէջալմերժելինառաջինօրինակներնեն, մնացեալ չորսը ընդունելի կառոյցներ են երկուքին մէջ ալ. անոնք կը տարբերին ոճական մակարդակի վրայ միայն, ըսենք՝ իրենց հաղորդական ուժգնութեամբ. ընդ որում՝ ուժեղագոյնը երկու վերջիններն են:

Մրցոյթ145.

***Հետեւեալ բայերէն՝ աւելնալ, բազմանալ, աճիլ, շատնալ, մէկով  փոխարինէ կէտերը:

---Տասը գնդիկ ունէի, հինգ եւս ստացայ:

Ուրեմն՝ ունեցած գնդիկներուս թիւը աճեցաւ:

---Թորոսը երկու զաւակ ունէր, երեք եւս ունեցաւ:

Ուրեմն՝ Թորոսին  զաւակները բազմացան:

---Աւազանին մէջ հարիւր լիթր  ջուր կար, յիսուն եւս վազեց: 

Ուրեմն՝ ջուրին քանակը աւելցաւ:

***Վերաշարադասէ՛ հետեւեալը.

---Ֆրանսական  մամուլի միտքեր պղտորող  անդրադարձը Հայաստան հասած զրահապատներուն մասին:

***Վերաշարադրէ՛ հետեւեալը.

---Ան պէտք է դադրեցնէ պաղեստինցիները իբրեւ վահան օգտագործել եւ  ազատ արձակէ բոլոր պատանդները:

(Ան պէտք է դադրի պաղեստինցիները իբրեւ վահան օգտագործելէ եւ ազատ արձակէ բոլոր պատանդները)

Ճիշդ պատասխանած են՝ Գէորգ Եազըճեան (8), Յովիկ Աթոքեան(4), Ցոլակ Ապտալեան(4), Սեւան Տէյիրմենճեան (5), Վարդի Դանիէլեան (6), Պերճ Տէր Սահակեան (6), Լեւոն Շառոյեան (10), Դանիէլ Թիւֆենքճեան (5), Եփրեմ Թոքճեան (6), Համբարձում Յարթունեան (5): 

Մրցոյթ146.

***Փոխէ՛ հետեւեալին անպատշաճ մէկ բառը.

---Նախարարը հաստատեց Լիբանանը քանդելու իմաստով  արտասանուող սպառնալիքները:

***Վերաշարադասէ՛ հետեւեալը.

---Հարկ է երաշխաւորել այն հայերու անվտանգութիւնն ու իրաւունքները, որոնք կը փափաքին վերադառնալ Արցախ: 

***Վերաշարադրէ՛ հետեւեալները.

---Ժողովը քննարկեց  ներքին կացութիւնը, ինչպէս նաեւ բախումներու զարգա-ցումին վերաբերող հարցեր:

---Իսրայէլ մերժեց իր մօտ գտնուող 50 գերիներու ազատ արձակման վերաբեր-եալ առաջարկը: 

---Թղթակիցները ամբաստանեցին տնօրէնութիւնը՝ Իսրայէլի հանդէպ կողմնակալութ-եամբ եւ անտեսելով պաղեստինցի ժողովուրդի տառապանքը:


Արմենակ Եղիայեան

armenag@gmail.com