Հայաստանը երկրորդ տեղը կը զբաղցնէ այն երկիրներու շարքին, ուր ռուսերը կը նախատեսեն մեկնիլ փետրուար 22-էն 26-ը տեւող տօնական հանգստեան օրերուն, յայտնած են Tutu Travel Service-ի վերլուծաբանները։
Ըստ անոնց՝ անկախ ճանապարհորդներուն բաժին ինկած է արտասահմանեան օդային ուղղութիւններու պահանջարկի մօտ 14%-ը։ Ցանկին մէջ առաջին տեղը Թուրքիան է, ուր կը նախատեսեն մեկնիլ ճանապարհորդներու 14,94%-ը։ Երկկողմանի տոմսերու արժէքը միջինը կը կազմէ 36 հազար ռուբլի (մօտ 510 դոլար):
«Երկրորդ տեղը Հայաստանն է․ այդ ուղղութեամբ կ'ամրագրուին տոմսերու 13,6 տոկոսը։ Երկկողմանի տոմսի միջին արժէքը կը կազմէ 26,9 հազար ռուբլի (մօտ 380 տոլար)»,- նշած են ծառայութենէն։
Երկիրներու եռեակը կ'եզրափակէ Ատրպէյճանը. Ճանապարհորդներու 11,3%-ը կը մեկնի այնտեղ։ Տոմսերու միջին արժէքը մօտաւորապէս 30 հազար ռուբլի է (աւելի քան $425):
Հարեւան երկիրներէն վարկանիշին մէջ ներառուած են նաեւ Ուզպեքստանը, Ղազախստանը, Պելառուսիան եւ Ղրղզստանը։ Իսկ աւելի հեռաւոր ուղղութիւններէն յայտնի են Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, Թայիլանտը եւ Իսրայէլը: