image

Հայաստանի Մէջ Կը Բնակի Մօտաւորապէս 16 Հազար Սուրիահայ.Նախարար

Հայաստանի Մէջ Կը Բնակի Մօտաւորապէս 16 Հազար Սուրիահայ.Նախարար

Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ներկայ դրութեամբ Հայաստանի մէջ կը բնակին մօտաւորապէս 16 հազար սուրիահայեր: Կան աւելի քան 2000 սուրիահայ աշակերտներ եւ շուրջ 500 ուսանողներ: 300 սուրիահայեր իրենց անձնական գործը հաստատած են Հայաստանի մէջ, եւ անոնց կէսէն աւելին պետութենէն վարկ առած են՝ նուազագոյն 4%-ով ու 5 տարի ժամկէտով: Գումարը 15-20 հազար տոլար է, ինչ որ բաւական բարենպաստ է պիզնէս սկսելու համար, յայտնած է Հրանուշ Յակոբեանը:

Արձագանգելով այն հարցումին, թէ սուրիահայերը հարկային արտօնութիւններ ունին թէ ոչ, նախարարը ըսած է. «Ո՛չ, սուրիահայերը հարկային արտօնութիւններ չունին, բայց վարկ ստանալու արտօնութիւններ կան անոնց համար: Միւս կողմէ, մենք անոնց կը սորվեցնենք Հայաստանի օրէնքները, մէկ ամիս տեւողութեամբ վերապատրաստութեան դասընթացներ կը կազմակերպենք, ինչպէս նաեւ կը սորվեցնենք ռուսերէն ու արեւելահայերէն: Համարկումի գործընթացը շատ արագ ու դիւրին կը կատարուի»: