image

Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի Ներկայացուցիչները Այցելեցին Մեսրոպեան

Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի Ներկայացուցիչները Այցելեցին Մեսրոպեան

10 Նոյեմբեր 2016-ին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան այցելեցին Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի Ընդունելութեան բաժնի տնօրէն տիկին Արինա Զօհրապեան եւ Շարունակական կրթութեան բաժնի տնօրէն դոկտ. Սերգէյ Թանթուշեան:

 

ՀԱՄ-ի պատասխանատուները Ֆարաճեան սրահին մէջ հանդիպում ունեցան վարժարանի երկրորդական բաժնի աշակերտներուն հետ եւ ներկայացուցին համալսարանի կարգավիճակին, կրթական ծրագիրներուն, ընդունելութեան եւ այնտեղ ուսանելու պայմաններուն մասին սպառիչ տեղեկատուութիւն:

 

Մեսրոպեանի հիւրերը ապա տեսակցեցան տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստին հետ, որ շնորհակալութիւն յայտնեց աշակերտներու արեւելումին նպաստող այս այցելութեան համար եւ շեշտեց տեղեկատուութեան փոխանակման ընդլայնումին կարեւորութիւնը՝ Հայաստանի եւ լիբանանահայ կրթական կառոյցներուն միջեւ: