Լիբանան- Հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ՝ Ս.Դ.Հ.Կ-ի, Հ.Յ.Դ.-ի եւ Ռ.Ա.Կ.-ի ներկայացուցիչները երէկ հանդիպում մը ունեցած են Պուրճ Համուտի Շաղզոյեան կեդրոնէն ներս: Նշենք, որ հանդիպման օրակարգին եղած է Լիբանանի մէջ վերջին շրջանին գրանցուած մտահոգիչ դէպքերը: Կողմերը նկատել տուած են, որ լիբանանցի քաղաքացիները ունին արդար պահանջներ եւ այդ պահանջները պէտք է լուծել միայն օրինական ճանապարհներով հեռու մնալով իրավիճակը աւելի սրող իրադրութիւններէ: Ժողովին մասնակից կողմերը համաձայնած են հանդիպումները դարձնել հերթական: