Հայ դիրքերու ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 200 կրակոց. ԼՂՀ ՊՆ
Անցած գիշեր ղարաբաղա-ազրպէյճանական սահմանին հակառակորդի կողմէ հրադադարի պահպանման ռէժիմը խախտուած է շուրջ 25 անգամ, որու ընթացքին, հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 200 կրակոց: Այս մասին կը յայտնեն ԼՂՀ ՊՆ լրատուական ծառայութենէն։