image

Համշէնահայերու Պատուիրակութիւն Մը ՍԴՀԿ Կեդրոնէն Ներս

Համշէնահայերու Պատուիրակութիւն Մը ՍԴՀԿ Կեդրոնէն Ներս

Հայաստան-  Համշէնահայերու պատուիրակութիւն մը    այցելութիւն տուած է  ՍԴՀԿ Երեւանի    կեդրոնական գրասենեակ: Պատուիրակութիւնը ընդունուած է  կուսակցութեան կեդրոնական վարչութեան  ատենապետ Յակոբ Տիգրանեանի եւ   ԿՎ   անդամներու կողմէ:  Կողմերը քննարկած են  Թուրքիոյ մէջ  ծայր առաջ  վերջին զարգացումները: Համշէնահայերու  կողմէ խօսք առնողները  նաեւ ներկայացուցած են Համշէնի մէջ ապրող հայերուն ընդհանուր իրավիճակը նկատել տալով նաեւ, որ   հոն ապրողները ենթակայ են ճնշուշմներու: Յակոբ Տիգրանեան խօսք առնելով մանրամասն տեղեկութիւններ  փոխանցած է կուսակցութեան ընդհանուր ծրագրին  եւ ապագայ ընելիքներուն  վերաբերեալ:  Յիշեցնենք, որ համշէնահայերը Երեւան կը գտնուէին մասնակցելու  համահայկական  6-րդ խաղերուն: