Սուրիա- «Հալէպի իրավիճակը կը շարունակէ մնալ անկայուն, սակայն մեր ժողովուրդը կառչած է այս երկրին» «Արեւելք»ին ըսաւ Տ. Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան: Հալէպահայ Տէր հայրը յայտնեց, թէ անցեալ Կիրակի օր Սուրբ Աստուածածնայ տօնին առթիւ Հալէպի մէջ տեղի ունեցած է խաղօղօրհնէք եւ անցնող Շաբաթ ռր նոյն արարողութիւնը տեղի ունեցած է Քեսապի մէջ («Արեւելք» անդրադարձած էր Քեապի մէջ կատարուած արարողութեանց): Տէր հայրը նշեց , որ ներկայիս Հալէպի համար ամէնէն սուր խնդիրը ջուրի տագնապն է: Ան այս առումով ըսաւ « Մենք կը դիմակայենք այս դժուարին պայմաններուն բայց եւ այնպէս, կը յուսանք, որ մարդկային տարրական պայմանները քիչ մը մեղմանան, որ իրավիճակը տանելի դառնայ»: Տէր հայրը չի թաքցուց- որ Հալէպ ապրող հայութիւնը կ'անցնի դժուարին պահերէ բայց եւ այնպէս բոլորուած է հայ եկեղեցիին շուրջ եւ կը յուսայ, որ յառաջիկայի օրերը ըլլան խաղաղութիւն բերող օրեր: Նշենք, որ Հալէպի մէջ ջուրի սուր տագնապը կը սկսած է փարատիլ եւ ըստ մէկէ աւելի աղբիւրներու քաղաքին շուրջ եղող ջուր մատակարարող մի քանի կայարաններ սկսած են բանիլ եւ օրական կտրուածքով մի քանի ժամ ջուր հասցընել Հալէպի տարբեր շրջանններ, որոնց մէջ կ'ընդգրկուին նաեւ Հալէպի հայկական տարբեր թաղամասերը: