image
Հրատապ լուրեր:

Հալէպ. Ընդդիմադիր զինեալներ թունաւոր կազ օգտագործած են

Հալէպ. Ընդդիմադիր զինեալներ թունաւոր կազ օգտագործած են

Ընդդիմադիր  զինեալներ   թունաւոր    կազեր  պարունակող   հրթիռներ նետած են Հալէպի տարբեր շրջաններուն  վրայ: Այս  մասին  լուրը կը փոխանցէ «Ալ Մայատին»  կայանը: Աղբիւրը  նաեւ կը  նշէ, որ կառավարական ուժերու տիրապետութեան տակ եղող տարբեր հատուածներու  մէջ  ահաբեկիչ զինեալներ  Սարին  կազ  պարունակող  հրթիռներ նետած են:  Աղբիւրը,  վկայակոչելով Հալէպի «Ալ Րազի» հիւանդանոցի   պատասխանատու  բժիշկը, կը յայտնէ, թէ անցնող 24 ժամերուն քիմիական նիւթերով  թունաւորուած 30 վիրաւորներ հիւանդանոց տարուած  են, որոնց վեցը մահացած է: Ռուսիոյ  ԱԳ նախարարութեան մէկ բանբերը   հաղորդած է, որ  ռուս  մասնագէտներ քննութիւն  պիտի բանան  անցնող  ժամերուն հրապարակուած  այս վտանգաւոր տեղեկութեանց շուրջ: