Սուրիա- Հալէպի Լատիններու եկեղեցին մեծ պատուհասէ մը փրկուեցաւ: Ըստ Inews -ին երէկ երեկոյեան աղօթքի պահուն պայթուցիկ տակառ մը ինկած է եկեղեցիին վրայ: Այդ պահուն եկեղեցիին մէջ եղած են հարիւրաւոր հաւատացեալներ, որոնք եկեղեցի հասած են մասնակցելու երեկոյեան ժամերգութեան արարողութեան: Նշենք, որ եկեղեցին կը գտնուի Հալէպի «Ազիզիյէ» շրջանին մէջ: Արկի պայթումին հետեւանքով զոհեր կամ վիրաւորներ չեն արձանագրուած: