image

Հակառակորդը ներթափանցման ձախող փորձ կատարած եւ արժանի պատասխան ստացած

Հակառակորդը ներթափանցման ձախող փորձ կատարած  եւ  արժանի պատասխան ստացած
25 Փետրուարին՝ ժամը 03:00-ի եւ 04:00-ի կողմերը, շփման գիծի հարաւ-արեւելեան (Մարտունի) եւ արեւելեան (Ակնա) ուղղութիւններով հակառակորդը, օգտագործելով ականազերծման «ԹՐՈՓԱ» տիպի սարքեր ձեռնարկած է   ներթափանցան   փորձերու:

ՊԲ առաջաջապահ ստորաբաժանումները երկու ուղղութիւններու վրայ ալ ժամանակին հաւաստանշած են ատրպէյճանական յատուկ ջոկատայիններու առաջխաղացումը եւ կորուստներ պատճառելով ետ շպրտած իրենց ելման դիրքեր: Բանակի առաջապահ ուժերու հակայարձակ գործողութեան արդիւնքով հակառակորդը տուած է առնուազն երկու զոհ, որոնց մարմինները կը գտնուին չէզոք գօտիին վրայ: ՊԲ-ն կորուստներ չէ ունեցած:

Աւելցնենք նաեւ, որ ատրպէյճանական յարձակողական գործողութիւնները հետեւանք են վերջին շրջանին հակառակորդ երկրի քարոզչամեքենային կողմէ առաջնագիծի վրայ իբրեւ թէ արցախեան ուժերու յարձակողական ներթափանցման վերաբերեալ անընդհատ տարածուող ապատեղեկատուութեան, որով ալ թշնամին հող  նախապատրաստած է իր յետագայ սադրանքներուն համար:

Բացի յարձակողական գործողութեան փորձերէն Փետրուարի 24-ին եւ լոյս 25-ի գիշերը արցախա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծի ողջ երկայնքին հակառակորդը, ականանետերէ, հրանօթներէ, նռնականետերէ ու տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ խախտած է հրադադարի պահպանման ռեժիմը՝ հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակելով աւելի քան 860 կրակոց: յատկապէս զգալի խախտումներ արձանագրուած են շփման գիծի արեւելեան եւ հիւսիսային ուղղութիւններուն վրայ: Նշուած հատուածներուն մէջ հակառակորդը 60, 82 ու 120 միլիմեթրանոց ականանետերու եւ D-44 տիպի հրանօթներու կիրառմամբ, ընդհանուր առմամբ, արձակած է 169 արկ:

ՊԲ համապատասխան կառոյցներու կողմէ տրամադրուած հաւաստի տուեալներուն համաձայն, արեւելեան ուղղութեամբ նկատուած է հակառակորդի կենդանի ուժի եւ զինամթերքի տեղաշարժեր:

ՊԲ առաջապահ զօրամասերը շփման գիծի ողջ երկայնքով անցած են կազմակերպուած պաշտպանութեան եւ պատրաստ են հակառակորդի իւրաքանչիւր սադրանքին տալ արժանի պատասխան: