Սփիւռքահայ վաստկաւոր գրող Գրիգոր Պըլտեանի 3 հատորները ներկայացուած են Պէյրութի մէջ: Ֆրանսահայ վիպասանին հատորները տպագրուած են Համազգայինի Վահէ Սէթեան հրատարակչատան կողմէ: «Սեմեր», «Տարմ» եւ «Կրկնագիր մարդը» հատորներու ներկայացման հանդիսութեան ներկայ եղած է Պէյրութ ծնած հեղինակը, որ այս առթիւ խօսք մը արտասանած է: Նշենք, որ հանդիսութեան նորատիպ «Կրկնագիր մարդը» հատորի ներկայացումը կատարած է Պէյրութ գտնուող Յունահայ գրականագէտ Յարութիւն Քիւրքճեան: Խօսքերով հանդէս եկած են նաեւ հրատարակչատան տնօրէն ՝ Յակոբ Հաւաթեան եւ կրթական մշակ ՝ Շաղիկ Մկրտիչեան: Յիշեցնենք, որ սոյն հատորներէն «Սեմեր»ը նախօրօք տպագրուած է Պէյրութի («Մաշթոց մատենաշար») եւ Երեւանի («Սարգիս Խաչենց») մէջ: