«Եթէ ոեւէ մէկը ըսէ, որ ինք հայ է, մենք իրաւունք չունինք անոր պնդումները կամ մկրտուելու փափաքները մերժել»,- «Արեւելք»ին ըսաւ հայրենի հրապարակախօս եւ մտաւորական Գրիգոր Ջանիկեան: Ջանիկեան նաեւ ըսաւ, որ ինք մեծ յարգանք կը տածէ Պոլսոյ Պատրիարքութեան եւ անոր տեղապահին ու իրականացուցած գործունէութեան հանդէպ, «բայց այս կէտին առնչութեամբ Պատրիարքարանը եւ Պատրիարքական տեղապահը կը սխալին իրենց մօստեցումներուն մէջ»: Ջանիկեան նաեւ նշեց. «Պոլսոյ Թաքսիմ հրապարակին վրայ դաւադրաբար սպաննուած հայ լրագրող եւ «Ակօս» պարբերականի խմբագիր Հրանդ Տինք, որուն արմատները կը սերին Սեբաստիայէն, առիթով մը ըսած էր, որ Թուրքիոյ տարբեր տարածքներուն վրայ կ'ապրին 10 միլիոն հայեր»: Ջանիկեան ըսաւ, որ այս թիւը վիճարկելի է, եւ անկարելի է ստոյգ թիւեր տալ այդ առումով: Գրիգոր Ջանիկեանի կարծիքով Պոլսոյ Պատրիարքութեան կեցուածքը, կապուած վերջերս Էջմիածինի կողմէ քրիստոնէական մկրտութիւն ստանալ ուզող երեք դիմորդներու մերժումին, մեղմ ասած ոչ նրբանկատ կեցուածք է: Ջանիկեան այս առումով ըսաւ. «Պոլսոյ Պատրիարքութիւնը իրաւունք չունի ձեռնամուխ ըլլալ Հայաստանի Հանրապետութեան ներքին հոգեւոր գործերուն»: Ջանիկեան ըսաւ, որ երբ որեւէ մէկը հայ եմ կ'ըսէ, մենք պէտք է ուրախանանք եւ առանց երկմտանքի զինք որպէս հայ ընդունինք եւ օգնենք, որ ազատագրուի ինքնութեան տագնապէ: Ան յիշեցուց, որ ոեւէ անհատի հայ քրիստոնեայ դառնալը վնասաբեր չէ ո'չ մեր ժողովուրդին ո'չ ալ` Հայ Առաքելական եկեղեցիին:
Լուսանկարը ՝ Վարազդատ Բանոյեանի