Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինը յայտարարած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բարդ մարդասիրական իրավիճակ է, մարտերու հետեւանքով աւերուած են մարդասիրական ենթակառուցուածքներն ու մշակութային կառոյցները, կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոստի»-ն:
«Լեռնային Ղարաբաղի տարածաշրջանին մէջ լուրջ մարդասիրական խնդիրներ առաջացած են: Այս մասին այժմ հաղորդուեցաւ մեզի: Զոհերու թիւը, այդ շարքին` խաղաղ բնակչութեան շրջանին, մարտերու հետեւանքով գերազանցած է չորս հազարը, աւելի քան ութ հազար մարդ վիրաւորուած է, փախստականներու թիւը, ըստ տարբեր աղբիւրներու, տասնեակ հազարներու կը հասնի: Ոչնչացուած են քաղաքացիական ենթակառուցուածքները եւ մշակութային շատ կառոյցներ»,-ըսած է ան Լեռնային Ղարաբաղի տարածաշրջանին մէջ մարդասիրական հարցերու լուծման նուիրուած խորհրդակցութեան ժամանակ: