Գերմանիոյ Պունտեսթագի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Միխայէլ Ռոթը սեպտեմբեր 18-19-ին պիտի այցելէ Հայաստան։
Ինչպէս կը տեղեկանանք Հայաստանի մէջ Գերմանիոյ դեսպանութեան տարածած հաղորդագրութենէն, այցի շրջածիրէն ներս պիտի քննարկուի աջակցութիւնը Հայաստանի քաղաքական բարեփոխումներուն, Հայաստանի մերձեցումը Եւրոմիութեան, Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան շուրջ բանակցութիւնները եւ անվտանգային իրավիճակը Հարաւային Կովկասի մէջ։
Միխայէլ Ռոթը հանդէս պիտի գայ նաեւ մամուլի ասուլիսով:
Օրակարգի հետ կապուած այլ մանրամասներ դեռ յայտնի չեն: