image

Գայանէ Թիւնպէլեան «Աւելի Քան 400 Աշակերտներով Սկիզբ Կ'առնէ Մեր Ուսումնական Տարեշրջանը»

Գայանէ Թիւնպէլեան  «Աւելի Քան    400 Աշակերտներով     Սկիզբ   Կ'առնէ Մեր Ուսումնական Տարեշրջանը»

Դպրոցական Վերամուտի Առթիւ Հարցազրոյց   Հալէպի Հ.Բ.Ը.Մ. Լազար Նազարեան – Գալուստ  Կիւլպէնկեան  Երկրորդական Վարժարանի Տնօրէնուհի ՝ Օրդ. Գայանէ Թիւնպէլեանի  Հետ

 «Վաղը   մեր դպրոցի առաջին օրն է:   Շնորհիւ      մեր պատասխանատու մարմիններուն  դպրոցը կը գտնուի բարւոք  վիճակի մը մէջ» «Արեւելք»ին     այսօր ըսաւ   Հալէպի Հ.Բ.Ը.Մ.   Լազար Նազարեան- Գալուստ Կիւլպէնկեանի   տնօրէնուհի     Օրդ. Գայանէ Թիւնպէլեան:  Տնօրէնուհին նշեց, որ  Հալէպի    մէջ տիրող  ծանր պայմաններուն հետեւանքով քիչ  չէ թիւը այն ընտանիքներուն, որոնք պարտադրաբար մեկնած են այլ շրջաններ ինչպէս   Դամասկոս, Լաթաքիա եւ Թարթուս   բայց  այդուհանդերձ   աշակերտներուն թիւը գոհացուցիչ է եւ   կը  հասնի 400-ի: Խօսելով  ընդհանուր տրամադրութիւններուն  մասին   Թիւնպէլեան յատկապէս Սիւլէյմանիյէ  շրջանին մէջ  գրանցուած  ապահովական դէպքերն ու   ռմբակոծումները իրենց վատ ազդեցութիւնը ունեցած են   ընդհանուր տրամադրութեան  վրայ   սակայն  այդուհանդերձ   կայ  նաեւ  կեանքը  բնականոն  ձեւով   շարունակելու  հզօր կամք:  Թիւնպէլեան նաեւ պատմեց, որ դպրոցի    պատասխանատու մարնիններուն շնորհիւ այս տարի եւս             պիտի գործէ            դպրոցական կառքերով      աշակերտերներու փոխադրութեան դրութիւնը  եւ  այդ մէկը  բաւական պատասխանատու գործ է  նկատի առնելով  Հալէպի ապահովական ծանր իրավիճակը: Թիւնպէլեան  նշեց, որ   ինչպէս սփիւռքի բոլոր    կրթական օճախներուն մէջ իրենց  մօտ եւս  կը տիրէ      կրթական տարին       բարձր եռանդով սկսելու ու   յաջողութեամբ շարունակելու   հաւատամքը: Ան այս առուով ըսաւ «Ինծի համար գերագոյն նպատակ է  նեցուկ  կանգնիլ  հայ մանուկին ու աշակերտին   ու հակառակ   բոլոր դժուարին պայմաններուն  պիտի  շարունակեմ իմ  առաքելութիւնս» եզրակացուց    Հալէպի Լազար Նաճարեան  վարժարանի  տնօրէնուհի  Օրդ. Գայանէ Թիւնպէլեան: