«Զիլ Խօսք» Պլոկէն կը կարդանք. «Մեր ունեցած տեղեկութիւններով Գանատայի (Անթիլիասական) թեմի Առաջնորդ Տ. Մեղրիկ Եպս. Բարիքեան հրաժարական տուած է իր պաշտօնէն: Լուրին առընթեր մինչեւ այս պահը խիստ խորհրդապահութիւն կը տիրէ: Մեր ունեցած տուեալներով Սրբազան հայրը գաղութէն ներս առկայ խլրտումներու (որոնց մասին անտեղեակ ենք) եւ ազգային իշխանութեանց հետ իր ունեցած որոշ տարաձայնութիւններուն հետեւանքով հրաժարման նամակ գրած է Անթիլիասի գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետին: Հրաժարման նամակին դիմաց Անթիլիասի նախնական արձագանքը եղած է ժխտական: Թէ ինչ ճակատագիր պիտի ունենայ Սրբազան հօր իր պաշտօնէն հրաժարելու խնդրագիրը, ցարդ յայտնի չէ: Վերջին օրերուն Գանատայի յատկապէս Մոնթրէալի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ շրջանակներուն մօտ խօսակցութիւններ կան, որ Սրբազան հօր հրաժարականը պիտի ընդունուի, ու ան յառաջիկայ Մայիսին պիտի հեռանայ Գանատայի թեմէն: Տեղին է յիշեցնել, որ Տ. Մեղրիկ Եպս. Բարիքեան (Ծնեալ Պէյրութ 1968-ին) ձեռամբ՝ Տ. Տ. Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետին Եպիսկոպոս ձեռնադրուած է 2014 թուականին` նոյն տարին ստանձնելով Գանատայի թեմի Առաջնորդի պաշտօնը»: «Արեւելք» որոշ վերապահութիւններով կը հրապարակէ սոյն լուրը, յուսալով, որ Տ. Մեղրիկ Սրբազանի նման արժանաւոր եւ եկեղեցանուէր Առաջնորդը կը շարունակէ իր ազգանուէր ծառայութիւնը: