Թուրքիա- («Ժամանակ»-Պոլիս)- Պոլսոյ «Արաս» հրատարակչատունը վերջերս գրասէր հասարակութեան տրամադրութեան տակ դրած է ֆրանսահայ յայտնի մտաւորական Միշէլ Մարիանի՝ «Հայոց Ցեղասպանութիւն. Քաղաքականութեան մէջ բարոյագիտութեան համար տեղ մը բանալ» խորագրով գիրքը: Պոլսոյ «Ժամանակ»ը տեղեկացնելով այս մասին կը յայտնէ, որ նշեալ գիրքի ֆրանսերէն բնագրէն թրքերէնի թարգմանութիւնը կատարած են Ալիճան Թայլան եւ Սիրէն Իտեմէն: Իր այժմէականութեամբ յատկանշուող սոյն գիրքի հիմնական հարցադրումներէն մէկը այն է, թէ «ի՞նչ պիտի ըլլայ 2015-ի ոգեկոչումներէն վերջ»: Ըստ «Ժամանակ»ի, Միշէլ Մարիան գիրքին մէջ նշել կու տայ, թէ հայերու եւ թուրքերու միջեւ խզուած կապի երեւոյթը ճակատագիր մը չէ: Դարեր շարունակ միասնաբար ապրած այս երկու հնամենի ժողովուրդները կրնան հասարակաց ապագայ մը կառուցել: Այս նպատակին հասնելու համար հեղինակը անհրաժեշտ համարած է ժողովրդավարական մտայնութեան մը հետամուտ ըլլալը, ինչպէս նաեւ միջազգային իրաւունքի եւ արդարութեան ձեռքբերումներուն հիման վրայ ախտաճանաչումներու կատարուիլը: «Ժամանակ» նշած է նաեւ, թէ մասնագիտութեամբ փիլիսոփայ, փարիզահայ Միշէլ Մարիան արմատներով էրզրումցի է, որուն գերդաստանային ջախջախիչ մեծամասնութիւնը զոհ գացած է 1915-ի ջարդերուն: Ան 1992 թ.-էն ի վեր կը դասաւանդէ Փարիզի Քաղաքական հետազօտութիւններու կաճառին (IEP) մէջ եւ կ'աշխատակցի բազմաթիւ պարբերականներու:«Արաս»ի կողմէ լոյս ընծայուած ներկայ գործը նոր հնարաւորութիւն մըն է Թուրքիոյ հետաքրքիր շրջանակներուն համար վերահասու դառնալու ֆրանսահայ մտաւորականի մտածել տուող մօտեցումներուն եւ գաղափարներուն մասին: