image

Ֆրանչիսկոս Պապ «Ձեր Դռները Բացէք Գաղթականներուն Առաջ»

Ֆրանչիսկոս Պապ  «Ձեր Դռները Բացէք Գաղթականներուն Առաջ»

  Վատիկան- Սուրբ Պետրոսի տաճարի   հրապարակին վրայ   հաւաքուած հաւատացեալներուն իր խօսքը ուղղելով Հռոմի Սրբազան քահանայապետը   Եւրոպացի բոլոր քրիստոնեաներէն պահանջած  է իրենց դռները բանալ  Սուրիոյ պատերազմին հետեւանքով  գաղաթական դարձած   քաղաքացիներուն  առջեւ: Պապը նաեւ ըսած է, որ  «Քրիստոնէական յոյսը մարտնչող է, դէպի անվտանգ վայր ուղղուող անձին  հաստատակամութեամբ»:  Պապը նաեւ   հաւատացեալներուն  ըսած է, որ այս գաղթականները նախ եւ առաջ կարիքն  ունին քրիստոնէական  յոյսի: Ան  իր   խօսքը շարունակելով ըսած է «Սիրեցեալ եղբայրներ եւ քոյրեր, Աստուածային Ողորմութիւնը ի յայտ կու գայ մեր գործերուն ընդմէջէն, այնպէս ինչպէս վկայեց Երանելի Քալքութայի Մայր Թերեզան որուն մահուան յիշատակը յիշատակեցինք երէկ։ Ի տես տասնեակ հազարաւոր գաղթականներու ողբերգութեան որոնք պատերազմի եւ սովի պատճառաւ կը փախչին մահէն եւ կ՛ուղղուին դէպի կեանքի յոյս, Աւետարանը մեզի կոչ կ՛ուղղէ ու կը խնդրէ որ ըլլանք «մօտիկ», ամենափոքրերուն եւ լքուածներուն։ Անոնց տալու իսկական յոյս։ Ոչ միայն  «քաջութիւն, համբերութիւն...»: Հռոմի  քահանայապետը    Եւրոպայի տարածքին գտնուող բոլոր    ժողովրդապետութիւններէն պահանջած է  իրենց  դռները  բանալ     սուրիացի գաղթականներուն առջեւ: