Առաջին անգամը չէ, որ կշիռքի վրայ կը դրուի Եւրոպայի քրիստոնէական դիմագիծը: Մարդիկ,կողմեր,հաստատութիւններ եւ մամուլ յաճախ կը սոսկան նշելու, որ Եւրոպան վաղուց դարձուցած է քրիստոնեայ հաւատքով ապրող «քաղաքակիրթ» հաւաքականութիւններու եւ մարդոց դարաւոր հողաշերտը ըլլալու էջը:Հոն ըմբռնումները տարբեր են: Հոն կեանքի սլաքներուն դրուածքը այլ օրէնքներով կը բանի: Եւրոպան կը շտապէ: Եւրոպան քաղաքակրթական դասեր կու տայ աշխարհի անկար, երկրորդ, երրորդ եւ արդէն չորրորդ եւ հինգերորդ աշխարհ «կոչումով » ապրող երկիրներուն:
Այս ֆոնին վրայ երբ Գերմանիոյ վարչապետ Անկէլա Մէրքէլ յայտատարութեամբ մը հանդէս գալով մտահոգութիւն կ'արտայատէ, որ Սուրիայէն Եւրոպա ժամանած մեծ թիւով գաղթականներուն ներհոսքը կրնայ փոխել Եւրոպայի դէմքը, չըսելու համար կրնայ աղարտել Գերմանիոյ «լուսապսակ ճակատ»ը միակ մարդը, որ խնդրին մարդկային խիղճի անունով կը խօսի Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապն է: Պապը չի գոհանար գաղթականներու մասին դրական կեցուածքներ դրսեւորելով այլ նաեւ կոչ կ'ուղղէ իր ենթակայաութեան տակ եղած ժողովրդապետութիւններուն, որ բանան իրենց վանքերուն, եկեղեցիներուն, տուներուն եւ հաւաքավայրերուն դռները: Պապը չի խօսիր միայն քրիստոնէական ըմբռնումներով այլ նաեւ կը հաւատայ, որ Քրիստոսի խաչին բեռը պէտք է գրկէ ամէն ոք:
Բայց ...
Բայց Եւրոպացիք այլ մօտեցում ունին:
Անոնք վաղուց փակած են եկեղեցի ու վանք: Մարած են խունկի կրակն ու մոմի պատրոյգը: Ու այս բոլորէն անդին մեզմէ շատ շատեր տակաւին հիացական աչքերով կը զմայլին Եւրոպայի ու անոր «լուսաւորչական» դերին հանդէպ:
Այդ հիացմունքը ոչ թէ քրիստոնէական արժէչափերուն համար չէ, այլ այն հեթանոս շքեղութեան, որ խաղաղութեան սուտ շղարշ նետած է ինքնութեան տագնապ ապրող անոր քաղաքներու երեսին:
Այն քաղաքներուն, որոնց խաւարը աւելի անխիղճ է ու մոլագար քան Հոմսի, Դամասկոսի, Պաղտատի ու Հալէպի կիսագեհէն դարձած նեղ ու խոնաւ փողոցները:
Եւրոպան իր վերջին խօսքը վաղուց ըսած է:
Մեռէ՛ք արեւելքի քրիստոնեաներ:
Մեռէ՛ք արեւելքի ծաղիկներ:
Մեռէ՛ք եզիտիներ, քիւրտեր,հայեր, գաղթէացիներ եւ լատիններ:
Մեռէ՛ք, որ ապրի նաւթը:
Իսկ այսօր Եւրոպայի հեթանոս երկինքին տակ միակ եւ գուցէ վերջին քրիստոնեայ մարդը ՝ Հռոմի Պապն է:
Պապը կը բարձրաձայնէ:
Ան փակուած դռները բանալու կոչ կ'ընէ:
Արդեօ՞ք անոր կոչը տեղ պիտի հասնի:
Սագօ Արեան