Լոս Անճելոս հրապարակուող «Ասպարէզ»էն կը կարդանք-թէ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Կրօնական ժողովն ու Ազգ. վարչութիւնը կը յայտարարեն, թէ Արամ Ա. կաթողիկոս, ընդառաջելով առաջնորդին ու ժողովականութեան խնդրանքին՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութեան երիտասարդ անդամներէն Տաճատ վրդ. Աշըգեանը ու Պարոյր վրդ. Շէրնէզեանը առաքած է ծառայելու մեր թեմէն ներս:
Երկու միաբան հայրերը Լոս Անճելըս ժամանեցին Հինգշաբթի, Յունուար 14ի յետմիջօրէին: Անոնք կարճ ժամանակ մը պիտի ծառայեն Ազգային առաջնորդարանի յարկին տակ, ապա պիտի լծուին իրենց նոր առաքելութեանց: Հայր Տաճատ կոչուած է Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւի պաշտօնին, իսկ հայր Պարոյր՝ Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւի պաշտօնին:
ԿԵՆՍԱԳՐԱԿԱՆ ԳԻԾԵՐ
Տաճատ վրդ. Աշըգեան (աւազանի անունով՝ Զօհրապ) ծնած է Պէյրութ, 1992ին: Կուսակրօն քահանայական ձեռնադրութիւնը ստացած է Յունիս 17, 2012ին, իսկ վարդապետական աստիճանը՝ Յուլիս 18, 2015ին: Դասաւանդած է Դպրեվանքին մէջ եւ հոգեւոր ծառայութիւններ մատուցած է Լիբանանի ու Յունաստանի թեմերուն մէջ: Վերջին շրջանին, ան կաթողիկոսարանի գանձատան պատասխանատուն էր եւ կը վարէր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարի լուսարարապետի օգնականի պաշտօնը։
Պարոյր վրդ. Շէրնէզեան (աւազանի անունով՝ Յարութիւն) ծնած է Պէյրութ, 1992ին: Կուսակրօն քահանայական ձեռնադրութիւնը ստացած է Յունիս 17, 2012ին, իսկ վարդապետական աստիճանը՝ Յուլիս 18, 2015ին: Դասաւանդած է Դպրեվանքին մէջ եւ հոգեւոր ծառայութիւններ մատուցած է Լիբանանի, Իրանի եւ Կիպրոսի թեմերուն մէջ: Վերջին շրջանին, ան վարիչն էր կաթողիկոսարանի երիտասարդական բաժանմունքին եւ «Կիլիկիա» թանգարանի տեսուչն էր:
«Կ՛ողջունենք հայր Տաճատի ու հայր Պարոյրի Արեւմտեան մեր թեմ ժամանումը եւ կը մաղթենք յաջողութիւն՝ իրենց ծառայական կեանքի նոր անդաստաններուն մէջ», նշուած է առաջնորդարանին յղած հաղորդագրութեան մէջ: