image

Երկու Անձնասպանական Պայթումներ Ցնցեցին Պէյրութը(Լրացուած)

Երկու Անձնասպանական Պայթումներ Ցնցեցին Պէյրութը(Լրացուած)

Լիբանան-   Երկու պայթումներ ցնցեցին Պէյրութը:  Նշենք, որ  պայթումները  տեղի ունեցած են Պըրժ  Ալ Պարաժինա   շրջանին մէջ, որ կը գտնուի Պէյրութի հարաւային արուարձանին մէջ:  Ըստ նախնական տուեալներու  կան  զոհեր եւ վիրաւորներ: Պէյրութի հարաւային արուարձանը  կը համարուի «Հըզպալլա»ի գլխաւոր կեդրոնատեղին:Նշենք, որ ըստ «Ալ Ժատիտ» կայանին    պայթումներուն հետեւանքով զոհուած են 10 անձեր, իսկ վիրաւորներուն թիւը անցած է 40 -ը: