Գեղարքունիքի մարզի Մարտունիի ծննդատան մէջ լոյս աշխարհ եկած է Երկիր մոլորակի ութմիլիառերորդ մարդը։
Գեղարքունիքի մարզի Մարտունիի ծննդատանը, համաձայն ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի կողմէ հաստատուած եւ հրապարակուած տուեալներու, լոյս աշխարհ եկած է Երկիր մոլորակի ութմիլիառերորդ մարդը։
Աշխարհի ութմիլիառերորդ մարդը համարուող նորածին Արփին Գեղարքունիքի մարզի Ծովինար գիւղի բնակիչներ Կարէն Զաքարեանի եւ Անի Քոչարեանի դուստրը, ծնած է 2 քիլոկրամ 900 կրամ կշիռքով, 49 սանթիմեթր հասակով, միանգամայն առողջ վիճակի մէջ։
«Շնորհաւորում եմ նորածնի ընտանիքին, փոքրիկ Արփիին ցանկանում անհոգ ու երջանիկ մանկութիւն, լուսաւոր ապագայ, միշտ խաղաղութեան մէջ շնչող արարչագործ հայրենիք»,- գրած է մարզպետ Կարէն Սարգսեանը։
Աւելի վաղ տեղեկացուցած էինք, որ 2022 թուականի 15 նոյեմբերին Երկիր մոլորակի բնակչութիւնը պաշտօնապէս գերազանցած է 8 միլիառը։