image

Երեւանի շարք մը փողոցներ այսօր փակ պիտի ըլլան

Երեւանի շարք մը փողոցներ այսօր փակ պիտի ըլլան

Գարնանային յօտմամբ պայմանաւորուած՝ մարտ 18-ին, ժամը 07։00-10։00-ը փակ պիտի ըլլայ Մարզահամերգային համալիրէն Լենինկրատեան փողոց տանող հատուածը։

Ինչպէս  կը տեղեկացնեն Երեւանի քաղաքապետարանի «Կանաչապատում եւ շրջակայ միջավայրի պահպանութիւն» ՀՈԱԿ-էն, ժամը 09:00-էն մասամբ փակ պիտի ըլլան Ազատութեան, Բաղրամեան, Տիգրան Մեծ պողոտաները, Տիչինայի, Շերամի, Գ․ Նժդեհի, Յովհաննիսեան, Ռոստովեան, Ազատամարտիկներու, Հերացի, Մելիք Ադամեան, Ագաթանգեղոս, Խանճեան, Տէրեան փողոցները: