image

Երեւանի մէջ. Որոշ փողոցներ ժամանակաւորապէս փակ պիտի ըլլան

Երեւանի մէջ. Որոշ փողոցներ ժամանակաւորապէս փակ պիտի ըլլան

Երեւանի քաղաքապետարանէն յայտնած են, որ 19 մայիսին, Երեւանի  մէջ կայացող «Մէկ վազք» («One run») միջազգային կիսամարաթոնով պայմանաւորուած՝ ժամը 09:00-14:00-ի ժամանակամիջոցին փակ պիտի ըլլան մայրաքաղաքի փոքր կեդրոնի հետեւեալ հատուածները.

Հանրապետութեան հրապարակէն՝ Նալբանդեան, Իսահակեան, Տէրեան, Արամի, Աբովեան փողոցներ, Սայաթ-Նովա պողոտայ:

Նշուած ժամերուն հասարակական փոխադրամիջոցներու աշխատանքը պիտի կազմակերպուի յարակից փողոցներով՝ բացառութեամբ թիւ 9 թրելէպիւսային երթուղիին, որ այդ ժամանակամիջոցին պիտի չսպասարկուի: