ՆԱԹՕ-ն կ՚աջակցի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ այդ ուղղութեամբ կողմերու միջեւ մինչ այս պահը համաձայնեցուած սկզբունքներն այս փուլին պէտք չէ փոխուին,«Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցին յայտարարած է Հարաւային Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Խավիէր Քոլոմինան։
Կ՚ուզենք, որ խաղաղ բանակցութիւնները հնարաւորինս արագ վերսկսին, ըսած է Քոլոմինան՝ ընդգծելով բանակցային տարբեր ձեւաչափերը՝ երկկողմ, Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան ձեւաչափերը՝ շեշտելով, որ կ՚աջակցին նաեւ երկկողմ ձեւաչափին։
«Մեզի համար ամենակարեւորը վերջնական արդիւնքն է, թէ կա՞յ արդեօք կայուն խաղաղութիւն, որովհետեւ այդ շատ կարեւոր պիտի ըլլայ Կովկասի կայունութեան համար», -ըսած է ՆԱԹՕ-ի ներկայացուցիչը՝ շեշտելով՝ ՆԱԹՕ-ն պիտի աջակցի այն ամէնուն, ինչն, ի վերջոյ, պիտի բերէ խաղաղութեան:
«Մենք կը կարծենք, որ սկզբունքները, որոնք դրուած են որպէս գործընթացի հիմք՝ ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան յարգումը, հիմնարար են։ Այդ այն սկզբունքներէն է, որ մեզի համար շատ կարեւոր է։ Ի հարկէ, մենք կը կարծենք, որ այդ սկզբունքներու հետ մէկտեղ սահմաններու սահմանազատումը, փոխկապակցուածութիւնը, այն սկզբունքները, որոնք դրուած են որպէս գործընթացի հիմք, պէտք է ըլլան գործընթացի մաս, եթէ, ի հարկէ, երկու կողմերը չորոշեն փոխել այդ սկզբունքները եւ ունենալ այլ սկզբունքներ։ Բայց համաձայնեցուած սկզբունքներն այս փուլին պէտք չէ փոխուին», -ըսած է Քոլոմինան։