image
Հրատապ լուրեր:

Դէպի Հալէպ Նախնական Օգնութիւններ Պիտի Փոխանցուին

Դէպի  Հալէպ Նախնական   Օգնութիւններ  Պիտի   Փոխանցուին

Դէպի  Հալէպի հայկական  շրջաններ  ուտեստեղէնի  օժանդակութիւններ պիտի փոխանցուին: Այս մասին «Արեւելք»ին յայտնեց   Վերապատուելի  Յարութիւն Սելիմեան: Վերապատուելին, որ     յատուկ այցով կը գտնուի Քեսապ, նաեւ ըսաւ,  որ յառաջիկայ  օրերուն  յատուկ կարգադրութեամբ   Հալէպի  բնակիչներուն      սննդեղէն  պիտի տրամադրուի: Նշենք, որ մեր    աղբիւրներուն համաձայն Հալէպի   հայկական  շրջանները եւս յայտնուած են ծանր  պայմաններու մէջ, եւ  սննդեղէնի   պակասը   վերածուած է   լուրջ  տագնապի: Նոյն  առումով   եւ  ըստ «Ալ Ժատիտ»   կայանին,      Խանասէրի   վերաբացուած   ճանապարհէն դէպի հալէպ  սննդեղէնով բեռցուած տասնեակ   բեռնատար  կառքեր սկսած են դէպի  Հալէպ  ուղղուիլ: