image
Հրատապ լուրեր:

Դամասկոսէն բարի լուր. Մարիա եւ Մհեր ամուսնացեալք

Դամասկոսէն բարի լուր. Մարիա եւ Մհեր ամուսնացեալք

Ինչպէս երէկ, այսօր ալ Մերձաւոր Արեւելքի հայագաղութները կը շարունակեն հանդիսանալ ամբողջ հայութեան ոգի եւ տեսլական տուող հայկական օճախներ եւ այդ պատճառով ալ մեր գաղութներէն «Արեւելք»ին հասած ցանկացած նմանօրինակ լուր մեզի ուշադրութեան կը մղէ եւ ուրախութեամբ կը պատէ։

Օրերս Դամասկոսէն բարի լուր ստացանք։ Մարիա Յովհաննէսեան ընդ Մհեր Գալայճեան Սուրբ խորանի առաջ կանգնելով վճռած են իրենց կեանքը միասին շարունակել։

Կը նշուի, որ հարսը ՝Մարիա Յովհաննէսեան մասնագիտութեամբ վկայեալ դեղագործուհի է եւ արդէն իսկ վերջին տարիներուն կը գործէ այդ ասպարէզին մէջ, իսկ փեսան Մհեր Գալայճեան մեծ փորձառութեան տիրացած յաջողակ ոսկերիչ է, որ մասնագիտական կրթութիւնը ստացած է Իտալիոյ Վիչէնզա քաղաքի ոսկերչական ուսումնարանէն։

Ամէնէն ուշագրաւը անշուշտ միայն հայկական ոգիով շնչող ընտանիք մը կազմելու ճիգը չէ անշուշտ, այլ Դամասկոսի մէջ ապրելու, եւ ծննդավայրին մէջ նոր ծիլեր նետելու փափաքն է։ 

Հակառակ Սուրիան արիւնագամ ըրած դաւադիր պատերազմին Սուրիոյ գլխաւոր քաղաքներուն ՝Դամասկոսի, Հալէպի, Լաթաքիոյ, Քեսապի եւ նոյնիսկ Թարթուսի մէջ հայ ընտանիքներ կը կազմուին եւ այդ մէկը անշուշտ մեծ յոյս եւ ապագայի հանդէպ հաւատք կը ներշնչէ մեզմէ իւրաքանչիւրին։

Ինչպէս երէկ, այսօր ալ Մերձաւոր Արեւելքի հայագաղութները կը շարունակեն հանդիսանալ ամբողջ հայութեան ոգի եւ տեսլական տուող հայկական օճախներ եւ այդ պատճառով ալ մեր գաղութներէն «Արեւելք»ին հասած ցանկացած նմանօրինակ լուր մեզի ուշադրութեան կը մղէ եւ ուրախութեամբ կը պատէ։

Այս առթիւ մեր շնորհաւորութիւնները կը հասցէագրենք երիտասարդ ամոլին ընտանեկան պարագաներուն եւ բոլոր հարազատներուն։