image

Բանակի կանխարգելիչ գործողութիւններու հետեւանքով հակառակորդը ունի մէկ զոհ

Բանակի կանխարգելիչ գործողութիւններու հետեւանքով հակառակորդը ունի մէկ զոհ

Անցած գիշեր արցախեան սահմանին հակառակորդը շարունակած է Դ-44 տիպի հրանօթներէ, ականանետերէ ու տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, խախտել հրադադարի պահպանման ռեժիմը՝ հայ դիրքերու ուղղութեամբ արձակելով աւելի քան 1600 կրակոց: 

Ինչպէս կը տեղեկացնէ Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան  մամլոյ ծառայութիւնը, մասնաւորապէս, արեւելեան եւ հիւսիսարեւելեան ուղղութիւններով ազրպէյճանական զինուժը կիրառած է Դ-44 տիպի հրանօթ եւ տարբեր տրամաչափի ականանետեր՝ ընդհանուր առմամբ արձակելով 62 արկ, որմէ 10-ը հրանօթէ, 52-ը ականանետերէ:

Հակառակորդի նախայարձակ աշխոյժութիւնը ճնշելու համար ՊԲ առաջապահ զօրամասերը դիմած են կանխարգելիչ գործողութիւններու, ինչի արդիւնքով հակառակորդը տուած է առնուազն 1 զոհ, որու մասին երէկ յայտարարած է ազրպէյճանական ռազմական գերատեսչութիւնը: