Ազրպէյճանի զինուած ուժերը դիտաւորեալ գնդակոծած են Չինարի գիւղը: Այս մասին 18 յունուարին կայացած մամուլի ասուլիսի ժամանակ յայտարարեց Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան` անդրադառնալով անցեալ տարուան 29 դեկտեմբերին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանին տեղի ունեցած միջադէպին եւ Տաւուշի մարզի Չինարի գիւղի գնդակոծութեան, կը հաղորդէ News.am-ը։
Ըստ մարդու իրաւունքներու պաշտպանին (ՄԻՊ)` Ազրպէյճանի ԶՈՒ-ին կողմէ մարդու իրաւունքներու լուրջ խախտումներ արձանագրուած են: ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ պաշտօնական հաղորդագրութիւն ստանալէ ետք Գեղարքունիքի մարզին մէջ ՄԻ ներկայացուցիչը դէպքի վայր մեկնած է:
29 եւ 30 դեկտեմբերին փաստահաւաք աշխատանքներ կատարուած են: Հանդիպած են Չինարիի աւագանիի անդամներուն հետ, ուսումնասիրած լրատուամիջոցներու հրապարակումները: «Յունուարի 3-ի երեկոյեան, ինչպէս նաեւ Յունուարի 8-ի գիշերը գիւղը գնդակոծուել է: Այդ թւում` դպրոցի եւ մանկապարտէզի ուղղութեամբ»,- հաղորդած է Թաթոյեան:
«Միջադէպը, որից ամէն ինչ սկսուեց, երեք հայ զինուորականների սպանութիւնն էր: Դա կատարուել է հայկական ԶՈՒ-ի կողմից հակառակորդի համար սպառնալիքի բացակայութեան պայմաններում: Գնդակոծութեան ընթացքում գիւղի բնակիչները ստիպուած են եղել թաքնուել ապաստարաններում: Գիւղը գնդակոծուել է այն ժամերին, երբ կարող էր տուժել քաղաքացիական բնակչութիւնը»,- նշած է ան: Արման Թաթոյեան ընդգծած է, որ գիւղին մէջ զօրամասեր չկան, ինչով ազրպէյճանական կողմը կրնար «բացատրել» յարձակումը: Նպատակը քաղաքացիներուն վնաս հասցնելը եղած է:
ՄԻ պաշտպանը մանրամասն ներկայացուց գիւղին եւ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի զինուած ուժերու տեղակայման վայրերու քարտէզը, գնդակոծութեան հետեւանքով տուժած տուներուն, դպրոցին եւ մանկապարտէզին լուսանկարներ: Ըստ Թաթոյեանի` հաւաքուած նիւթերը կը վկայեն դիտաւորեալ գնդակոծութեան մասին: