image

Այլազանութիւնը Թուրքիոյ Հարստութիւնն Է. Սալահէտին Տէմիրթաշ

Այլազանութիւնը Թուրքիոյ Հարստութիւնն Է. Սալահէտին Տէմիրթաշ

«Մեզի  համար ամէնէն թանկ բանը  կեանքն է,  իսկ կեանքի  էական   կէտը   խօսքի եւ արտայայտուելու   ազատութիւնը». այսօր այսպէս  յայտարարած է   քրտամէտ   HDP կուսակցութեան առաջնորդ Սալահէլտին  Տէմիրթաշ: Տէմիրթաշ, որ հանդիպում ունեցած է Պոլսոյ մէջ ապրող  փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներուն (հայեր, յոյներ, ասորիներ եւ  հրեաներ)  հետ նաեւ ըսած է, որ  Թուրքիոյ մէջ  1 Նոյեմբերի ընտրութիւնները  անկիւնադարձային պիտի ըլլան:  Տէմիրթաշ   իր խօսքը շարունակելով նշած է, որ   իրենց համար Թուրքիոյ մէջ  առկայ  այլազանութիւնը եւ բազմաշերտ հասարկութիւնը խորքին մէջ հարստութիւն է եւ  «պէտք է ամէն գնով պայքարիլ  այդ հասարկութեան  պաշտպանութեան համար»: Քիւրտ  ղեկավարը  նաեւ քննադատած է իշխող  AKP կուսակցութիւնը եւ անոր առաջնորդ Ահմատ Տաւութօղլուն վերջինիս  կատարած  հակասական յայտարարութիւններուն  եւ ծայրայեղական մօտեցումներուն համար: Տէմիրթաշ նաեւ ըսած է, որ հասած է ժամանակը շարժելու, որպէսզի  մօտիկ անցեալին Հրանդ Տինքի   բերնով  հրապարակուած   ելած աղաւնիի  վախի    մթնոլորտը   ընդհանրապէս վերանայ: Նշենք, որ սոյն  հանդիպման ներկայ   գտնուողներուն շարքին  եղած  են  «Ակօս»ի   ներկայայցուցիչներ ինչպէս նաեւ անհատ մտաւորականներ  եւ իրաւապաշտպաններ: Յիշեցնենք, որ  HDP-ն   իր ցուցակներուն մէջ ունի     Հայ թեկնածուներ, որոնցմէ  է   Կարօ  Փայլան, որ   անցնող 7   Յունիսի ընտրութիւններուն եւս մասնկացած  ու ընտրուած էր, որպէս  երեսփոխան: Լուսանկարը ՝ «Ակօս»էն: