image
Հրատապ լուրեր:

Արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանտեան Իսրայէլ պիտի այցելէ

Արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանտեան Իսրայէլ պիտի այցելէ

6-7 Նոյեմբերին ԱԳ նախարար Էտուարտ Նալպանտեան` Իսրայէլի վարչապետ եւ Արտաքին գործոց նախարար Բենիամին Նաթանիահուի հրաւէրով պաշտօնական այց պիտի կատարէ Իսրայէլ: Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ ծառայութիւնը։

Նախատեսուած են Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի հանդիպումները Իսրայէլի գործադիր եւ օրէնսդիր իշխանութիւններու բարձրաստիճան ներկայացուցիչներու հետ։


Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանէն ներս Էտուարտ Նալպանտեանը հանդիպում պիտի ունենայ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարք Նուրհան արքեպիսկոպոս Մանուկեանի հետ։