image

Արեւելեան Ամերիկա. Հերա Մախուլեան նշանակուած է Ուսումնական Խորհուրդի վարիչ տնօրէնուհի

Արեւելեան Ամերիկա. Հերա Մախուլեան նշանակուած է Ուսումնական Խորհուրդի վարիչ տնօրէնուհի

Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի Ազգային Վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական Ժողովները Ազգային Ուսումնական Խորհուրդի նոր վարիչ տնօրէնուհի նշանակած են տիկին Հերա Մախուլեանը։ Այս մասին   «Արեւելք» կը տեղեկանայ ՝ «Հայրենիք»  պարբերականէն:

Ան Ուսումնական Խորհուրդի անդամ եղած էր 2019-էն, իսկ ատենապետուհի՝ 2022-էն։

Ծնած՝ Այնճար (Լիբանան), ան աւարտած է տեղւոյն «Յառաջ-Գալուստ Կիւլպէնկեան» եըկրորդական վարժարանը եւ «Համազգային»-ի Հայագիտական Բարձրագոյն Հիմնարկը։ Դասաւանդած է «Յառաջ-Գալուստ Կիւլպէնկեան» վարժարանին եւ Պէյրութի «Նշան Փալանճեան» ճեմարանին մէջ։ Ներկայիս Նիւ Ճըրզիի «Յովնանեան» վարժարանի հայերէն ուսուցչուհի է եւ ուսումնական ծրագրի պատասխանատու։ Շուտով կը վկայուի մագիստրոսական տիտղոսով Փարիզի Արեւելեան Լեզուներու եւ Քաղաքակրթութիւններու Ազգային Հիմնարկի հայագիտութեան ամպիոնէն։

Ազգային Առաջնորդարան եւ Հայ Օգնութեան Միութեան Արեւելեան Շրջանի համագործակցութենէն ծնած Ազգային Ուսումնական Խորհուրդը կէս դարէ աւելի ուղղութիւն կու տայ Առաջնորդարանի հովանաւորութիւնը վայելող հայ վարժարաններուն։ Խորհուրդը կը բաղկանայ Առաջնորդարանի եւ Հ․Օ․Մ․-ի ներկայացուցիչներէ։ Տիկ. Հուրի Պոյամեան՝ Սուրբ Ստեփաննոս (Ուաթըրթաուն, Մասաչուսէց) նախակրթարանի երկարամեայ տնօրէնուհին, որ վերջերս հանգստեան կոչուած է կրթական ասպարէզէն, ընտրուած է Ուսումնական Խորհուրդի ատենապետուհի, փոխարինելով Հերա Մախուլեանը։

Ուսումնական Խորհուրդի անդամներն են՝ Հուրի Պոյամեան (ատենապետուհի), Լուսին Յովհաննէսեան (ատենադպրուհի), Լալա Աթթարեան, դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան, Մակի Նալպանտեան, Մարիա Եփրեմեան, Արտեմիս Մկրտիչեան եւ Թալին Տաղլեան։