image
Հրատապ լուրեր:

Արեգակի վրայ. Ամառային ամենամեծ բռնկում

Արեգակի վրայ. Ամառային ամենամեծ բռնկում

Նոր հզօր բռնկում տեղի ունեցած է Արեգակի վրայ, այն գերազանցած է բոլոր բռնկումները, որոնք աւելի վաղ տեղի ունեցած են արեգակի վրայ այս ամառ։

Այդ մասին յայտնած է Ռուսիոյ Գիտութիւններու ակադեմիայի Տիեզերական հետազօտութիւններու հիմնարկի Արեգակնային աստղագիտութեան տարրալուծարանի ղեկավար Սերկէյ Պոկաչովը։

Ան պարզաբանած է, որ աշխուժութիւնը նկատելիօրէն սկսած է աճիլ յուլիս 12-ի սահմաններուն։

«Արեգակի վրայ պայթիւնավտանգ իրադարձութիւններու հետեւանքները, ըստ երոեւոյթին, պիտի դիտուին մինչեւ օրուան վերջ։

Այս պահուն տեղեկութիւններ չկան արեգակնային զանգուածներու արտանետումներու մասին դէպի Երկիր։

Սակայն պայթումի կեդրոնի գտնուելու վայրը չի բացառեր այդ հնարաւորութիւնը։

Երկրի համար հնարաւոր հետեւանքներու մասին ճշգրիտ տեղեկատւութիւն պիտի յայտնուի քանի մը ժամուան ընթացքին»,-ըսած է Պոկաչովը։