23 փետրուարին՝ ժամը 00:45-ի սահմաններուն, ՊԲ հիւսիսային ուղղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մէջ, տակաւին չպարզուած հանգամանքներու մէջ, մահացու վիրաւորում ստացած է պայմանագրային զինծառայող, 1991-ի ծնունդ Գոռ Ֆրունզիկի Խուդինեանը:
Այս մասին կը յայտնեն Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան լրատուական ծառայութենէն։ Դէպքի մանրամասները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն:
ԱՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ մահացած զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն: