Արցախի հակաօդային ուժերը ազրպէյճանական անօդաչու թռչող սարք խոցած են

Արցախի հակաօդային ուժերը ազրպէյճանական անօդաչու թռչող սարք խոցած են

4 Մարտին՝ ժամը 12:15-ի սահմաններուն, արցախեան սահմանի արեւելեան հատուածին բանակի հակաօդային պաշտպանութեան ուժերու կողմէ խոցուած է ազրպէյճանական զինուժին պատկանող «ORBITER» տեսակի անօդաչու թռչող սարք։

Այս մասին կը տեղեկացնէ Արցախի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը:

Պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումները կը շարունակեն վերահսկել Արցախի ցամաքային ու օդային սահմանները եւ անհրաժեշտութեան պարագային կանխարգելիչ գործողութիւններ կը ձեռնարկեն: